Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանը Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն Կը Պահանջէ Չգործածել «Լեռնային Ղարաբաղ» Անուանումն Ու Հայկական Տեղանունները

November 28, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն կը պահանջէ չգործածել Լեռնային Ղարաբաղ անուանումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշած է, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրամիաւորի պաշտօնական տեղեկութեան մէջ «ազրպէյճանական բնակավայրերու» անունները տակաւին կը նշուին հայկական տեղանուններով` ընդգծելով` «անցանկալի է պարբերաբար յիշատակել Ղարաբաղի տնտեսական շրջանը իբրեւ «Լեռնային Ղարաբաղի» տարածք»:

«Ազրպէյճանի տարածքին մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան կոչ կ՛ուղղենք` համապատասխան տեղեկատուութեան մէջ մեր երկրի տարածքին մէջ գտնուող բնակավայրերուն անունները նշել մեր պաշտօնական դիմումին մէջ նշուած ճիշդ տեղանուններով», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ հաղորդագրութեան, Ազրպէյճան պաշտօնապէս ցուցակ եւ քարտէս տրամադրած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան, Ազրպէյճանի տարածքին մէջ ժամանակաւորապէս տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի նախկին եւ ներկայ հրամանատարութեան, ինչպէս նաեւ ռուս-թրքական միացեալ հսկողութեան կեդրոնին` «Ազրպէյճանի Ղարաբաղի տնտեսական շրջանի բնակվայրերու, որոնք կը ներառեն ազրպէյճանական տեղանուններուն համապատասխան անուանումներ: Ազրպէյճանը բազմիցս դիմած է պաշտօնական տեղեկատուութեան մէջ այս անուններու օգտագործման վերաբերեալ»:

 

 

Նախորդը

Քաղաքական Տարակարծութեան Մակընթացութեան Մթնոլորտին Մէջ. Լիբանան Կը Թեւակոխէ Տօնական Ոչ Նախանձելի Արձակուրդի Շրջան

Յաջորդը

«Շատ Բան Կը Կատարուի, Որպէսզի Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւնները Ոչ Միայն Պահպանուին, Այլ Նաեւ Ամրապնդուին Եւ Յարմարին Նոր Իրողութեան» Կ՛ըսէ Քոփիրքին

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.