Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոնտիալ 2022

November 26, 2022
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրան 2-0 Արդիւնքով
Պարտութեան Մատնեց  Կալեսը

Երէկ` ուրբաթ, 25 նոյեմբերին, Մոնտիալ 2022-ի Բ. խմբակի երկրորդ փուլի մրցումներուն, Կալեսի հաւաքականը «Ահմետ Պըն Ալի» մարզադաշտին մէջ 0-2 արդիւնքով խոնարհեցաւ Իրանի առջեւ:

Առաջին կիսախաղը հաւասարութեամբ աւարտեցաւ: Մրցումի աւարտին չորս վայրկեան մնացած, Կալեսի բերդապահ Հենեսին աններելի սխալ մը թոյլ տալով, կարմիր տոմս ստացաւ եւ հեռացաւ դաշտէն: Իրան քանակական առաւելութիւնը կոլի վերածեց եւ յաւելեալ վայրկեաններուն երկու կոլ նշանակեց Կալեսի բերդին մէջ: Չեշըմի 98-րդ եւ Ռեզայեան 101-րդ  վայրկեաններուն երեք կարեւոր կէտ նուիրեցին Իրանին:

Սոյն խմբակի երրորդ եւ վերջին փուլի մրցումները պիտի կայանան երեքշաբթի. 29 նոյեմբերին, Կալես պիտի ճակատի Անգլիոյ դէմ, Իրան` Միացեալ Նահանգներու:

Քաթար 3-1 Արդիւնքով
Խոնարհեցաւ Սենեկալի  Առջեւ

Մոնտիալ 2022-ը հիւրընկալող Քաթարը  յաջորդական երկրորդ պարտութիւնը կրելով ինքնաբերաբար դուրս մնաց մրցաշարքի հետագայ  պայքարէն: Արդարեւ, «Թումամա» մարզադաշտին մէջ Մոնտիալի տանտէրը 3-1  արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սենեկալէն (կիսախաղ` 0-1):

Պրազիլի Հաւաքականը
«
Կախարդական Երեկոյ» Մը Պարգեւեց Մարզասէրներուն

Մոնտիալ 2022-ի բաժակին գլխաւոր  յաւակնորդներէն Պրազիլի հաւաքականը Սերպիոյ դէմ  կատարեց իր առաջին մրցումը, «Լուսայլ»  մարզադաշտին մէջ, 88.103 մարզասէրներու ներկայութեան:

Սերպերը բաւական համարձակ սկսան    ճակատումը: Սակայն պրազիլցիները աստիճանաբար վերցուցին նախաձեռնութիւնը:  Առաջին կիսախաղը առանց կոլերու աւարտելէ  ետք,  Բ. կիսախաղին պրազիլցիները աւելցուցին  ճնշումը: 62-րդ վայրկեանին  Ռիչարլիսըն գեղեցիկ կոլով մը յառաջ մղեց Պրազիլը: 73-րդ վայրկեանին ան  կրկնապատկեց հաշիւը:

Պրազիլ շարունակեց յարձակումները: Մրցումը աւարտեցաւ Պրազիլի վստահ յաղթանակով`   2- 0:

Ներկայիս Պրազիլի եւ Զուիցերիոյ   հաւաքականները 3-ական կէտով կը գլխաւորեն  Է. խմբակին աղիւսակը:

Փորթուգալ Փայլուն Խաղով Պարտութեան Մատնեց Ղանան.
Ռոնալտօ Նոր Մրցանիշ Մը  Հաստատեց

Ը. խմբակի առաջին փուլի մրցումները իրար դէմ հանեցին Փորթուգալի եւ Ղանայի  հաւաքականները: Մրցումը տեղի ունեցաւ «974»   մարզադաշտին մէջ` 42.662 մարզասէրներու ներկայութեան:

Հանդիպման առաջին խաղակէսը հաւասար պայքարով ընթացաւ: Մրցումի 65-րդ վայրկեանին  Փորթուգալի հաւաքականը ստացաւ փենալթի   հարուածի իրաւունք: 11 մեթրնոցը իրականացուց  Քրիսթիանօ Ռոնալտոն: Փորթուգալցիներուն  ուրախութիւնը կարճ տեւեց: Արդարեւ, 73-րդ  վայրկեանին Անտրէ Այու հաւասարեցուց հաշիւը:    78-րդ վայրկեանին Ժաօ Ֆելիքս դարձեալ յառաջ   մղեց Փորթուգալը: 80-րդ վայրկեանին, Ռաֆայէլ  Լէաօ 3-1-ի վերածեց հաշիւը: 88-րդ վայրկեանին Օսաման Փուքարի կրճատեց փորթուգալցիներուն առաւելութիւնը: Մրցումը աւարտեցաւ` 3-2 Փորթուգալի յաղթանակով:

Մրցումին ընթացքին նշանակած կոլով, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ դարձաւ յաջորդական հինգ Մոնտիալներու կոլ նշանակող միակ ֆութպոլիստը: Այսպիսով, ան գերազանցեց Փելէի, Ուվէ Զելըրի, Միրոսլաւ Քլոզէի յաջորդական չորս Մոնտիալներու  կոլ նշանակելու մրցանիշը:

Փորթուգալի հաւաքականը երեք կէտով կը գլխաւորէ Ը. խմբակը:

Ուրուկուէյ – Հարաւային Քորէա 0 – 0

Դարձեալ Ը. խմբակին մէջ, Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի  «էճուքէյշըն Սիթի» մարզադաշտին մէջ,  41.663 մարզասէրներու ներկայութեան, Ուրուկուէյ –  Հարաւային Քորէա հանդիպումը աւարտեցաւ 0 -0   հաւասարութեամբ: Ուրուկուէյ չնչին առաւելութիւն մը ունէր իր մրցակիցին նկատմամբ:

Խմբակին երկրորդ փուլի հանդիպումները տեղի պիտի ունենան 28 նոյեմբերին. Հարաւային Քորէա  ընդդէմ Ղանա, Փորթուգալ ընդդէմ Ուրուկուէյ:

Մոնտիալ 2022-ի Շաբաթավերջի
Մրցումներուն Յայտագիրը

ՇԱԲԱԹ, 26  ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2022

Ա. ԽՄԲԱԿ

Լեհաստան ընդդէմ Սէուտական Արաբիա`

Ժամը 15:00

Արժանթին ընդդէմ Մեքսիքօ`

ժամը 21:00

Դ. ԽՄԲԱԿ

Թունուզ ընդդէմ Աւստրալիա`

ժամը 12:00

Ֆրանսա ընդդէմ Դանիա`

ժամը 18:00

ԿԻՐԱԿԻ, 27 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2022

Ե. ԽՄԲԱԿ

Ճափոն ընդդէմ Քոսթա Ռիքա`

ժամը 12:00

Սպանիա ընդդէմ Գերմանիա`

ժամը 21:00

Զ. ԽՄԲԱԿ

Պելճիքա ընդդէմ Մարոք`

ժամը 15:00

Խրուաթիա ընդդէմ Քանատա`

ժամը 18:00

Նէյմար Վնասուածք Ստացաւ

Պրազիլի ֆութպոլի հաւաքականի յարձակող Նէյմար վնասուածք ստացաւ Մոնտիալ 2022-ի խմբային փուլի առաջին օրուան Սերպիոյ դէմ մրցումին:

Պրազիլի հաւաքականին մարզիչը յայտարարեց, որ յառաջիկայ 12 ժամերուն ընթացքին յստակ պիտի դառնայ վնասուածքին ծանրութիւնը:

30-ամեայ Նէյմար 2017-ին սպանական  Պարսելոնայէն միացաւ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին, փոխան մրցանշային` 222 միլիոն եւրօ գումարի մը: Յարձակողը Պրազիլի ազգային խումբի շապիկը կրած է 121 անգամ` նշանակելով  75 կոլ:

Պրազիլի հաւաքականի մարզիչ Թիթէի կարծիքով, վնասուածքը այնքան մտահոգիչ չէ, եւ Նէյմար  պիտի շարունակէ հանդէս գալ Մոնտիալ 2022-ին:

 

Նախորդը

Հենրի Յակոբ Սիսլեանի Յիշատակին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յաջորդը

«Ուքրանիան Աշխուժ Ճնշում Կը Գործադրէ Վրաստանի Վրայ` Ռուսիոյ Դէմ 2-րդ Ճակատ Բանալու Համար» Կ՛ըսէ Վրաստանի Խորհրդարանի Փոխնախագահը

RelatedPosts

Նշմար.  Տաղանդը Միշտ Կայ…
Մարզական

Նշմար. Տաղանդը Միշտ Կայ…

October 7, 2026
Քարաթէ.  Սուրէն Յարութիւնեան` Արծաթ Մետալակիր
Մարզական

Քարաթէ. Սուրէն Յարութիւնեան` Արծաթ Մետալակիր

October 7, 2026
Ազգերու Լիկա.  Հայաստան Մէկ Կէտ Խլեց Մոնթենեկրոյի Մէջ
Մարզական

Ազգերու Լիկա. Հայաստան Մէկ Կէտ Խլեց Մոնթենեկրոյի Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.