Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան Չէ Ստորագրած ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի Հռչակագիրը

November 25, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան չէ ստորագրած ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի հռչակագիրը: Այս մասին ան յայտնեց ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի ընթացքին իր արտասանած խօսքի ընթացքին:

«Հայաստանը կ՛առաջարկէ նաեւ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդին որոշումով արագացնել ազրպէյճանական կողմին հետ անհրաժեշտ քաղաքական եւ դիւանագիտական աշխատանքը` ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքէն ազրպէյճանական զօրքերու իրենց 11 մայիս 2021-ի դրութեամբ սկզբնական դիրքեր անյապաղ եւ անվերապահ դուրսբերման:

«Նման դիրքորոշումը կարեւոր է ո՛չ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու, այլ նաեւ Ազրպէյճանը մեր երկրին դէմ հետագայ յարձակողական գործողութիւնները զսպելու համար: Այն, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան վրայ Ազրպէյճանի նոր յարձակումի վտանգը կը պահպանուի, 28 հոկտեմբերին ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստի ընթացքին յայտնած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Վասիլիի Զասը: Այս պայմաններուն մէջ կացութեան քաղաքական յստակ գնահատականի բացակայութիւնը եւ վերը նշուած որոշումը չկայացնելը կրնայ նշանակել ո՛չ միայն ՀԱՊԿ-ի կողմէ դաշնակցային պարտաւորութիւններէ հրաժարում, այլ նաեւ Ազրպէյճանի կողմէ մեկնաբանուիլ իբրեւ ՀԱՊԿ-ի կողմէ կանաչ լոյս Հայաստանի վրայ հետագայ յարձակումի համար:

«Իսկ ատիկա կը հակասէ ՀԱՊԿ-ի հիմնարար փաստաթուղթերու ո՛չ միայն տառին, այլ նաեւ ոգիին ու իմաստին: Ուստի, ասկէ մեկնելով, յարգելի՛ գործընկերներ, այս պահուս կը կարծեմ, որ ստորագրման ներկայացուած «ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի հռչակագիրի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օժանդակութիւն ցուցաբերելու միացեալ քայլերու մասին» նախագիծը բաւականաչափ վերջնական տեսքի չէ բերուած, եւ այս տեսքով, ամենայն յարգանքով, ես պատրաստ չեմ ստորագրել այս փաստաթուղթերը», ըսած է Փաշինեան:

Լուքաշենքօ. «Հայկական Կողմը Փաստաթուղթին Մէջ
Ամբողջացում Առաջարկած Էր, Սակայն
Որոշեցինք Այդ Երկու Կէտերը Չընդունիլ»

Հայկական կողմը ստորագրուելիք փաստաթուղթին մէջ ամբողջացում առաջարկած էր, սակայն որոշեցինք այդ երկու կէտերը չընդունիլ, չխորանալ անոնց մէջ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի նախագահութիւնը Հայաստանէն ընդունող Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն` կառոյցի անդամ երկիրներու ղեկավարներու ընդլայնուած կազմով հանդիպումին: Ան, սակայն, չըսաւ, թէ ինչի՛ մասին էին այդ կէտերը:

«Սակայն առաջին անգամ մենք համաձայնեցանք, որ մօտեցման կէտեր կան, որ համաձայնութեան գանք: Ինչպէս հասկցանք գործող նախագահողէն, այս հայ-ազրպէյճանական տագնապը, եթէ այնպէս գործենք, ինչպէս այսօր քննարկած ենք, պիտի աւարտի, եւ խաղաղութեան համաձայնագիր պիտի կնքուի: Նիկոլ Վովայեւիչը կը լռէ, ուրեմն ան ալ համաձայն է ըսածիս հետ», ըսաւ Լուքաշենքօ:

Փեսքով. «ՀԱՊԿ-ն Քննարկած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին Խաղաղապահներու Լիազօրութիւնը»

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ ռուս խաղաղապահներու լիազօրութեան երկարաձգման նիւթը շօշափուած է ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովի ընթացքին, Ռուսիան պիտի շարունակէ մասնակցիլ լուծման: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

«Այս նիւթը շօշափուած է, շատ անկեղծ, շատ ուղիղ, կառուցողական, տակաւին ամէն ինչի շուրջ համաձայնութիւն չէ գոյացած, կան որոշակի նրբերանգներ, սակայն այս նիւթը օրակարգի վրայ է», լրագրողներուն ըսած է ան:

Փեսքով ընդգծած է, որ ռուսական կողմը կ՛ողջունէ բոլոր կարելի ջանքերը, որոնք պիտի յանգեցնեն խաղաղ լուծման:

«Սակայն Ռուսիան ինք կը շարունակէ շատ կարեւոր դեր խաղալ: Ռուսիոյ բոլոր առաջարկները ծանօթ են Երեւանին եւ Պաքուին: Եւ մենք պիտի շարունակենք մեր ծառայութիւնները մատուցել այնքանով, որքանով երկիրները կարիքը պիտի ունենան այդ ծառայութիւններուն», ըսած է Փեսքով:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ ՀԱՊԿ-ի ծառայութիւնները պահանջուած են:

Փեսքով յիշեցուցած է, որ սահմանին վրայ կացութեան սրումէն ետք լիազօրուած անձերու պատուիրակութիւն ուղարկուած է զեկուցում կազմելու համար: «Ատիկա երէկ նոյնպէս քննարկուած է արտաքին գործոց նախարարներուն կողմէ, այսօր ալ քննարկուած է, այս նիւթով զրոյցը պիտի շարունակուի», ըսած է ան:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Փեսքով լրագրողներուն յայտնած է. «Հայաստանը, անկասկած, պիտի մնայ ՀԱՊԿ-ի մէջ»:

«Միջոցառումը (ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովը), հակառակ ամբողջ բարդութեան, հակառակ, ինչպէս ղեկավարները իրենց խօսքերուն մէջ ըսին, ամէն ինչի շուրջ չէ, որ յաջողած են համաձայնութիւն գոյացնել, անգամ մը եւս հաստատեց այս ձեւաչափի պահանջուած ըլլալը, ՀԱՊԿ-ի արդիականութիւնն ու կենսունակութիւնը», ըսած է Քրեմլինի բանբերը:

Փեսքով նշած է, որ այս տարի ՀԱՊԿ-ը շատ կարեւոր դեր խաղացած է յունուարին Ղազախստանի մէջ ստեղծուած կացութեան լուծման գործին մէջ:

Քրեմլինի բանբերը «Ռոսիա 1» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին համոզում յայտնած է, որ ՀԱՊԿ-ի ջանքերը «ակնյայտօրէն պահանջուած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապի լուծման գործին մէջ»:

«Ոչ ոք կը փորձէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումը որոշ ժամկէտի մը յարմարցնել, գլխաւորը այն է, որ անիկա ստորագրուի եւ կենսունակ ըլլայ:

«Կարեւոր է, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը համաձայնութեան գան խաղաղութեան համաձայնագիրի շուրջ, բոլորը պէտք է առաւելագոյն ջանքեր գործադրեն ատոր համար` չմրցակցելով իրարու հետ», աւելցուցած է ան:

Փեսքով ուշադրութեան հրաւիրած է Հայաստանի վարչապետի այն խօսքերուն, որ ան հակուած է ՀԱՊԿ-ի` Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ կացութեան շուրջ աշխատանքը մեկնաբանել իբրեւ ձախողութիւն:

«Ատիկա հայկական կողմի տեսակէտն է, հայկական կողմի իրաւունքն է այդպէս դիտել կացութիւնը: Սակայն միւս կողմէ` այս կացութեան մէջ ՀԱՊԿ-ի պահանջուածութիւնը ակնյայտ է», պնդած է Փութինի բանբերը:

Պապիկեան Կարճ Առանձնազրոյց Ունեցած Է
Շոյկուի Հետ

23 նոյեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան առանձնազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի հետ: Այս մասին դիմատետրեան իր էջին վրայ գրած է Պապիկեան:

«23 նոյեմբերին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստը` ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ազգային անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու, արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներու մասնակցութեամբ:

«Նիստէն անմիջապէս ետք կարճ առանձնազրոյց ունեցած ենք Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի հետ: Սերկէյ Շոյկուի հետ մտքեր փոխանակած ենք երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող, ինչպէս նաեւ պաշտպանական համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցերու վերաբերեալ», գրած է ան:

 

Նախորդը

Զախարովա. «ՀԱՊԿ-ի Միջոցառումներու Շրջանակներուն Մէջ Քննարկուած Է Իրավիճակը Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Սահմանին»

Յաջորդը

Ակնարկ. Քաղաքական Գնահատականի Յաւելուածին Կարեւորագոյն Բաժինը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.