Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիական Տագնապի Վերջնական Լուծումը Քաղաքական Փոխզիջումին Մէջ Կը Կայանայ» Կ՛Ըսէ Անան

March 9, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քոֆի Անան

ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի` Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան երէկ Գահիրէի մէջ յայտարարեց, որ ինք Եգիպտոս կու գայ եւ ամբողջ միջազգային համայնքին զօրակցութիւնը կը վայելէ` նշելով, որ «պէտք է գոյութիւն ունենայ միջնորդութեան մէկ հոլովոյթ մը, որ կ՛ապահովէ, թէ բոլոր կառավարութիւններուն հետ միասին կը գործենք` ի շահ սուրիացի ժողովուրդին»:

Ան ըսաւ, որ «ինձմէ խնդրուեցաւ Սուրիոյ մէջ բռնարարքներուն, սպանութեան եւ մարդկային իրաւանց ոտնահարման վերջ տալու, ինչպէս նաեւ մարդասիրական օժանդակութիւնները իրենց հասցէին հասցնելու այս ջանքերը ստանձնել, որպէսզի սկսիմ քաղաքական հոլովոյթի մը, որ կը ջանայ իրագործել համապարփակ լուծում մը, որ սուրիացի ժողովուրդի իրաւունքները կ՛ապահովէ»: Անան նշեց, որ «սուրիական ընդդիմութեան կողմէ զինուորական յաւելեալ գործողութիւնները կացութիւնը պիտի վատթարացնեն»:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի Անանի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ վերջինս շաբաթ օր Սուրիա պիտի մեկնի:

ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակը Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրոյի հետ իր հանդիպումէն ետք սուրիական ընդդիմութեան կոչ ուղղեց` համագործակցելու եւ իր բոլոր հատուածներով սուրիացի ժողովուրդի ձգտումներուն իրականացման համար լուծումի մը քննարկման մասնակցելու:

Անան աւելցուց, որ «մեր կարելին պիտի ընենք թշնամական արարքները եւ սպանութիւնն ու բռնարարքները դադրեցնելու, սակայն անշուշտ տագնապին վերջնական լուծումը քաղաքական փոխզիջումին մէջ կը կայանայ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն յայտնեց, որ «մենք սուրիական ընդդիմութեան հետ կը գործակցինք եւ մեր ամբողջ ուժով կը փորձենք անոնց օժանդակել»:

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Սուրիոյ հարցով Չինաստանի յատուկ պատուիրակը սուրիական կառավարութեան յայտնած է, որ անհրաժեշտ է բռնարարքները անմիջապէս դադրեցնել եւ մարդասիրական օժանդակութեանց բաժանման համար ՄԱԿ-ի եւ Միջազգային կարմիր խաչին օժանդակել: Ան նաեւ նշեց, որ Փեքին ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկային սուրիական կառավարութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ միջնորդութեան կը զօրակցի:

Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ արտաշրջանային օտար որեւէ միջամտութեան դէմ է` նշելով, որ այդպիսի քայլ կրնայ շահագործուիլ:

Իրաքի խորհրդարանի ընկերային հարցերով յանձնախումբի նախագահ Եունատեմ Քաննա քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին յայտնեց, որ Սուրիա Պաղտատի մէջ 29 մարտին գումարուելիք Արաբական վեհաժողովին ներկայ պիտի չգտնուի:

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը տեղեկութիւններ ստացած է, որ Լիպիոյ մէջ տեղւոյն իշխանութեանց օժանդակութեամբ սուրիացի ըմբոստներու մարզումի յատուկ կեդրոն մը գոյութիւն ունի` նշելով, որ «մարդիկ Սուրիա կ՛ուղարկուին օրինական կառավարութեան դէմ յարձակում գործելու համար»:

Չուրքին շեշտեց, որ ինք կը մերժէ այդ իրողութիւնը` նշելով, որ այդ գործունէութիւնը Միջին Արեւելքի կայունութիւնը կը վտանգէ:

Միւս կողմէ, Թունուզ երէկ յայտարարեց, որ պատրաստ է Սուրիոյ մէջ արաբական խաղաղապահ որեւէ ուժի մասնակցելու, սակայն միեւնոյն ժամանակ դարձեալ մերժեց Սուրիոյ մէջ արտաքին միջամտութիւնը:

Մինչ այդ, Սուրիոյ քարիւղի նախարարի օգնական Ապտօ Հուսամէտտին յայտարարեց, որ ինք կառավարութենէն կը հեռանայ եւ կը միանայ «յեղափոխութեան»: Այդպիսով, ան իշխանութեան հետ իր կապերը խզող ամէնէն բարձրաստիճան պաշտօնատարը եղաւ: Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն ողջունեց այս զարգացումը:

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Մտադիր Են Ռուսիոյ Հետ Հակահրթիռային Պաշտպանութեան Համակարգի Վերաբերեալ Համաձայնութիւնը Ստորագրել» Կ՛Ըսէ Քլինթըն

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.