Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Անկախութեան Շնորհաւորանքի Մթնոլորտին Մէջ. Տեղական Թէ Արտաքին Սերտ Ճիգերը Կը Շարունակուին` Նախագահական Ընտրութեան Եօթներորդ Նիստը Արդիւնաւէտ Դարձնելու Գծով

November 24, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի անկախութեան 79-րդ տարեդարձին առիթով Լիբանան ստացաւ  շնորհաւորական զանազան նամակներ ու հաղորդակցութիւններ, ուր հիմնականին մէջ շնորհաւորանքի եւ զօրակցութեան կողքին կը շեշտուէր Լիբանանի անկախութեան վերամրագրումը` նոր նախագահի ընտրութեամբ: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին շնորհաւորական հաղորդակցութիւնը վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ: Շնորհաւորանքի մթնոլորտին առընթեր քուլիսային թէ բացայայտ ճիգերը շարունակուեցան, այսօր նախատեսուող` նախագահի ընտրութեան եօթներորդ նիստի նախօրեակին: Այս իմաստով, ցարդ բացայայտօրէն իր թեկնածութիւնը յայտարարած երեսփոխան Միշել Մուաուատ երէկ շարունակեց իր խորհրդակցութիւնները երկրի «բանալի» կողմերուն հետ` փորձելով առաւելագոյն թիւով զօրակիցներ ապահովել իր թեկնածութեան: Արդարեւ, Մուաուատ երէկ ուշագրաւ այցելութիւն մը կատարեց Պքերքէ, ուր մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր իրավիճակն ու յատկապէս նախագահական ընտրապայքարին ծալքերը: «Կը շեշտեմ, որ համայն Լիբանանի նախագահ պիտի ըլլամ», ընդգծեց Մուաուատ` մերժելով «ժամավաճառութեան» համար գումարուող նիստերը:

Նշենք, որ վերջերս անջատաբար Պքերքէ այցելած էին նաեւ լիբանանեան բանակի ընդհանուր հրամանատարն ու Հըզպալլայի ներկայացուցիչները:

Թեկնածու Մուաուատի կողքին քուլիսային խորհրդակցութիւնները կեդրոնացած են նաեւ այլ թեկնածուներու վրայ, որոնց մէջ առաջնակարգ ուշադրութիւն կը գրաւէ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն: Իրազեկ մեկնաբաններու համաձայն, նման տրամադրութիւն  առկայ է նաեւ Հըզպալլայի ղեկավարութեան մօտ:

Մինչ այդ, դիւանագիտական կարեւոր քայլ մը արձանագրուեցաւ, երբ Ռուսիոյ դեսպանը` Ալեքսանտր Ռուտաքով տեսակցեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի հետ: Խորհրդակցութիւնները շրջանային եւ տեղական իրավիճակին կողքին ընդգրկեցին նաեւ նախագահական ընտրութեան «հարցը»: Պասիլ երէկ նաեւ ընդունեց Չինաստանի բարձրաստիճան մէկ պատասխանատուն` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպանին: Հանդիպումը նախընթաց մը կազմեց այն իմաստով, որ չինական պատուիրակութիւնը Պասիլը պաշտօնապէս հրաւիրեց Փեքին այցելութեան: Նշենք, որ չինական պատուիրակութիւնը երէկ անջատ այցելութիւններ տուաւ նաեւ լիբանանցի այլ պատասխանատուներու, ինչպէս` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի:

Նաեւ` Արտաքին Հարթակներու Վրայ

Լիբանանի նախագահական ընտրութեան հարցը թէեւ քուլիսային, բայց առանցքային կարեւորութեամբ քննուեցաւ նաեւ արտաքին վեհաժողովներու կողմնակի հարթակներուն մէջ: Այս ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն շեշտեց Լիբանանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան ամրապնդման կարեւորութիւնն ու այս գծով ամերիկեան զօրակցութիւնը:

Իսկ Մարոքի մայրաքաղաք Ֆասի մէջ գումարուող վեհաժողովին Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ հանդիպում ունեցաւ Մարոքի իր պաշտօնակիցին` Նասեր Պուրէյթայի հետ:  Խորհրդակցութեանց առանցքը նոյնպէս կազմեցին Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու նախագահական ընտրութեան կայացումը եւ այս գծով Մարոքի զօրակցութիւնը:

Նմանապէս կարեւոր նախաձեռնութիւն  կը նկատուին Ֆրանսական իշխանութեանց ճիգերը եւրոպական թէ արաբական, յատկապէս` եգիպտական եւ սէուտական ղեկավար մարմիններուն մօտ, ուր Ֆրանսա սերտ ճիգեր կը տանի փութացնելու Լիբանանի անկախութեան ամրագրումը` նոր նախագահի ընտրութեամբ:

Խորքին մէջ արտաքին կողմերու այս ճիգերը ինքնըստինքեան չեն: Փաստօրէն եւ ըստ կարգ մը յոռետես, բայց իրազեկ աղբիւրներու, Լիբանան կը գտնուի փլուզումի եզրին, եւ «ահաբեկումներու վերադարձը» անհաւանական չէ: Նոյն աղբիւրները յառաջիկայ շաբաթները ժամկէտ նկատեցին ապահովական խախտումներու կամ «վերանորոգ յեղափոխութեան» բռնկումին` լիբանանեան փողոցներուն վրայ:

Այս մթնոլորտին մէջ լիբանանեան խաղաղարար կողմեր կը փորձեն համոզել խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որ վերանորոգէ իր «ազգային համագումարի» կոչը նախքան տարեվերջ` լիբանանցիներուն փոխանցելով ամանորեան «քաղաքական կաղանդչէք» մը:

 

Նախորդը

Լիբանանի Անկախութեան 79-րդ Տարեդարձին Առիթով. Երեսփոխան Բագրատունի. «Շնորհիւ Իր Զաւակներու Գոյատեւման` Կը Գոյատեւէ Նաեւ Հայրենիքը»

Յաջորդը

ՄԱԿ Շնորհակալութիւն Յայտնած Է Հայաստանին` Խաղաղապահութեան Գործին Մէջ Ունեցած Ներդրումին Համար

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.