Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Օդային Հարուածները Միայն Սկիզբն Են. Պիտի Սկսինք Թել Ռիֆաաթ, Մընպեժ Եւ Արաբ Բունար Շրջանները Մաքրել» Կ՛ըսէ Էրտողան

November 24, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Պոլսոյ Իսթիքլալ փողոցին մէջ պատահած պայթումին բոլոր մեղսակիցները պիտի գտնուին ու հաշուետուութեան ենթարկուին»:

«Թուրքիան լուռ պիտի չմնայ յարձակումներուն նկատմամբ եւ գիտէ այն կողմերը, որոնք ահաբեկչական խմբաւորումներուն կ՛աջակցին, եւ իրաւունք ունի հիւսիսային Սուրիոյ մէջ իր սեփական խնդիրները լուծելու», աւելցուց ան:

«Դէպքերը ցոյց տուին, որ այն ուժերը, որոնք երաշխիքներ տուին, թէ Թուրքիան իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն յարձակումի պիտի չենթարկուի, չյարգեցին իրենց խոստումները», նշեց Էրտողան` աւելցնելով. «Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գործողութիւնները միայն սկիզբն են, եւ մեզի համար յարմարագոյն պահուն ցամաքային գործողութիւններու պիտի սկսինք, եւ մեր առած քայլերը պիտի երաշխաւորեն թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Իրաքի հողերուն ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը»:

«Պիտի սկսինք մաքրել Թել Ռիֆաաթէն Մընպեժ ու Արաբ Բունար երկարող շրջանը, եւ մեր միակ նպատակը մեր քաղաքացիներուն ու մեր մերձակայքին մէջ գտնուող եղբայրներուն ապահով ապագայ երաշխաւորելն է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Շաղախէ փապուղիները, ուր ահաբեկիչները կը թաքնուին, անոնց գերեզմանները պիտի ըլլան»:

Թուրքիոյ նախագահը 22 նոյեմբերին յայտարարած էր, որ Թուրքիան շուտով կրնայ նոր անդրսահմանային ցամաքային զինուորական գործողութեան սկսիլ Սուրիոյ տարածքին մէջ: «Արմէնփրես» կը յայտնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.»-ն:

«Մենք գիտենք ահաբեկիչներու անունները, վայրերը: Մենք նաեւ գիտենք, թէ ո՛վ զանոնք կը պահէ, կը զինէ եւ կ՛ոգեշնչէ: Տայ Աստուած, մօտիկ ապագային մենք հրասայլերով եւ հրետանիի միջոցով ոչնչացնենք ահաբեկիչներու արմատները», ըսած էր ան:

«Ասկէ ետք մենք ունինք միայն մէկ քայլ` ապահովել մեր քաղաքացիներու անվտանգութիւնը: Մենք անվտանգութեան գիծ գծած ենք Իրաքի եւ Սուրիոյ հետ մեր սահմաններու երկայնքին, եւ ոչ ոք կրնայ մեզ խանգարել մեր սահմաններու պաշտպանութեան հարցին մէջ: Վերջին քանի մը օրերուն մեր օդանաւերն ու անօդաչու թռչող սարքերը եղած են ահաբեկիչներու գլուխներուն վերեւ, մենք բոլորը պիտի ոչնչացնենք», աւելցուցած էր Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահը 21 նոյեմբերին յայտարարած էր, որ Անգարան կը սերտէ Սուրիոյ մէջ ՔԱԿ-ի դէմ ցամաքային գործողութիւն կատարելու կարելիութիւնը` նշելով. «Հիւսիսային Սուրիոյ եւ Հիւսիսային Իրաքի մէջ նախատեսուող գործողութեան մասնակցելու համար ցամաքային ուժերու թիւի գնահատումը կը կատարենք»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա 21 նոյեմբերին մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ` Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ շաբաթ-կիրակի գիշեր քրտական դիրքերու դէմ շղթայազերծած օդային յարձակումներուն նկատմամբ եւ Անգարային «ինքնազսպումի» կոչ ուղղեց:

Քոլոնա Մոլտովայի զօրակցութեան միջազգային ժողովի ծիրին մէջ յայտնեց. «Դժբախտաբար, ասիկա առաջին անգամը չէ, որ կը տեսնենք, որ  Թուրքիան օտար երկիրներու վրայ յարձակումներ կը շղթայազերծէ»` աւելցնելով. «Ամէն անգամ մեր յստակ մտահոգութիւնն ու փափաքը յայտնեցինք, որ Թուրքիան ինքնազսպումի աւելի մեծ չափ ցուցաբերէ»:

«Մենք կը հասկնանք ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Թուրքիոյ անվտանգութեան այս մտահոգութիւնը, սակայն ոչ այսպիսի միջոցով եւ այսպիսի ճամբով», նշեց ան:

Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լաւրենթիեւ յայտնեց. «Կը յուսանք համոզել մեր թուրք գործընկերները հրաժարիլ սուրիական հողերուն վրայ որեւէ անհամաչափ ուժ կիրարկելէ` լարուածութիւններու մագլցումէն խուսափելու համար»:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին Թուրքիան հիւսիսային Սուրիոյ մէջ «կայունութիւնը քայքայելէ» զգուշացնելով լրագրողներուն յայտնեց. «Կը հասկնանք Թուրքիոյ` իր անվտանգութեան վերաբերող  մտահոգութիւնները… սակայն միեւնոյն ժամանակ բոլոր կողմերուն կոչ կ’ուղղենք` չդիմելու որեւէ քայլի, որ կրնայ ընդհանուր կացութեան վտանգաւոր քայքայման յանգեցնել»:

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը Որդեգրեց Ռուսիան Իբրեւ «Ահաբեկչութեան Հովանաւոր Պետութիւն» Ճանչցող Բանաձեւ Մը

Յաջորդը

Հայրենի Տաղանդաւոր Բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան Եւ Իր «Դրախտի Դարպասը» Լիբանանի Մէջ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.