Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոնտիալ 2022. Մրցումներուն Մանրամասնութիւնները

November 24, 2022
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խրուաթիա – Մարոք 0 – 0

Երեքշաբթի օր, Խոր քաղաքի «Պայթ»  մարզադաշտին մէջ Խրուաթիա-Մարոք  հանդիպումով մեկնարկեցին Մոնտիալ 2022- ի Ե. խմբակի մրցումները:

Խրուաթիա տիրապետեց մրցումի ընթացքին:  Մարոքցիները գրեթէ անթերի պաշտպանուելով, հակայարձակողականի վրայ դրած էին իրենց յոյսը:  Մրցումը աւարտեցաւ 0 – 0 հաւասարութեամբ:

Գերմանիա – Ճափոն 1 – 2

Դարձեալ Ե. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ,  «Խալիֆա» միջազգային մարզադաշտին մէջ, Գերմանիոյ ազգային խումբը  2-1 արդիւնքով անսպասելի պարտութիւն մը կրեց Ճափոնէն: Իւլքեր Կիւնտոշան Ա. կիսախաղի 33-րդ վայրկեանին  փենալթի հարուածով յառաջ մղեց  գերմանացիները: Բ. կիսախաղին ճափոնցիները   յաջողեցան օգտուիլ Գերմանիոյ պաշտպանութեան սխալներէն եւ երկու անպատասխան կոլ նշանակելով 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին իրենց մրցակիցները (Տուան` 75  եւ  Ասանօ` 83-րդ վայրկեաններուն):

Միացեալ Նահանգներ – Կալես 1 – 1

Քաթարի «Ահմետ Պըն Ալի» մարզադաշտին  մէջ  տեղի ունեցաւ Մոնտիալ 2022-ի Բ. խմբակին մէջ ընդգրկուած Միացեալ Նահագներու եւ Կալեսի միջեւ  հանդիպումը:

Ճակատումը սկսաւ ամերիկացիներուն տիրապետութեամբ: Հանդիպման 36-րդ  վայրկեանին Թիմոթի Վիա յառաջ մղեց Միացեալ  Նահանգները: Առաջին կիսախաղը վերջ գտաւ ամերիկացիներուն առաւելութեամբ` 1-0:

Բ. կիսախաղին կալեսցիները հետզհետէ   հաւասարակշռեցին մրցումին ընթացքը: 81-րդ վայրկեանին Կարեթ Պէյլ, փենալթի հարուածով  հաւասարեցուց հաշիւը: Մրցումը աւարտեցաւ 1-1  հաւասարութեամբ:

Փաստօրէն, Միացեալ Նահանգներ եւ Կալես արձանագրեցին Մոնտիալ 2022-ի առաջին հաւասարութիւնը:

Սէուտական Արաբիա – Արժանթին 2 – 1

22-րդ Մոնտիալի Գ. խմբակի առաջին մրցումը իրար դէմ հանեց Արժանթինը եւ Սէուտական Արաբիան:

Հանդիպման 10-րդ վայրկեանին իրաւարարը   փենալթի հարուած մը շնորհեց  հարաւամերիկացիներուն: Լիոնել Մեսսի անվրէպ իրականացուց կոլը: Մինչեւ Ա. կիսախաղի աւարտը, Արժանթինի հաւաքականը երեք անգամ գրաւեց Սէուտական Արաբիոյ բերդը, սակայն իրաւարարը  բոլոր պարագաներուն ալ «Օֆ սայտ» արձանագրեց: Կիսախաղը աւարտեցաւ 1 – 0 արժանթինցիներուն առաւելութեամբ:

Երկրորդ կիսախաղին, սէուտցիները ո՛չ միայն  վերականգնեցին հաւասարութիւնը, այլ նաեւ նշանակեցին երկրորդ եւ յաղթանակի կոլը: Հակառակ արժանթինցիներուն  ստեղծած առիթներուն, մրցումին արդիւնքը մնաց անփոփոխ`  Սէուտական Արաբիա – Արժանթին` 2 – 1:

Ֆութպոլի մասնագէտներուն կարծիքով` Սէուտական Արաբիոյ առջեւ Արժանթինի պարտութիւնը կը նկատուի Մոնտիալի մրցումներուն պատմութեան  մեծագոյն անակնկալը:

Այս փառաւոր յաղթանակին լոյսին տակ, Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները ազգային  տօնախմբութեան օր յայտարարեցին չորեքշաբթի, 23 նոյեմբերը:

Տոհայի «975» մարզադաշտին մէջ, Լեհաստանի եւ Մեքսիքոյի միջեւ Գ. խմբակի երկրորդ հանդիպումը վերջ գտաւ 0 – 0 սպիտակ հաւասարութեամբ:  Լեհաստանի հաւաքականի յարձակող Ռոպերթ  Լեւանտովսքի չկրցաւ կոլի վերածել իր կազմին շնորհուած փենալթի հարուածը:

Դանիա –  Թունուզ  0 – 0

Դ. խմբակի առաջին մրցումը իրար դէմ հանեց  Դանիան եւ Թունուզը: Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ կայացած սոյն հանդիպումը աւարտեցաւ 0 – 0 հաւասարութեամբ:

Ֆրանսա – Աւստրալիա  4 – 1

Քաթարի «Ժունուպ» մարզադաշտին մէջ, Դ. խմբակի իր առաջին մրցումին, Ֆրանսա տպաւորիչ  խաղ մը ցուցադրելով 4-1 արդիւնքով փայլուն յաղթանակ մը արձանագրեց Աւստրալիոյ դէմ:    Մրցումին սկիզբը աւստրալիացիները յաջողեցան  զսպել ֆրանսացիներուն յարձակումները եւ 9-րդ վայրկեանին նշանակել կոլ մը: Ֆրանսա անմիջապէս հակազդեց: 27-րդ վայրկեանին,  Ատրիեն Ռապիոյի նշանակած կոլէն ետք, ֆրանսացիները սկսան աւելի ինքնավստահ գործել եւ 32-րդ վայրկեանին Օլիվիէ Ժիրու նշանակեց  անոնց երկրորդ կոլը: Երկրորդ կիսախաղին Կիլիան Էմպապէ եւ Օլիվիէ Ժիրու նշանակեցին Ֆրանսայի երրորդ եւ չորրորդ կոլերը:

Կ՛արժէ նշել, որ Ժիրու Ֆրանսայի ազգային խումբին  շապիկով նշանակեց իր 51-րդ կոլը` հաւասարելով  Թիերի Հանրիի մրցանիշին:

Այսօրուան Մրցումներուն Յայտագիրը
Հինգշաբթի, 24 Նոյեմբեր 2022

Է. ԽՄԲԱԿ

Զուիցերիա ընդդէմ Քամերուն`

ժամը 12.00

Պրազիլ ընդդէմ Սերպիա`

ժամը 21.00

Ը. ԽՄԲԱԿ

Ուրուկուէյ ընդդէմ Հարաւային Քորէա`

ժամը` 15.00

Փորթուգալ ընդդէմ Ղանա`

ժամը` 18.00

 

Նախորդը

Ռոնալտօ Եւ Մանչեսթըր Եունայթըտ Բաժանում

Յաջորդը

«Ուքրանիան Տակաւին Պէտք Է Ազատագրէ Ռուսիոյ Կողմէ Գրաւուած Շուրջ 2000 Գիւղ Եւ Քաղաք» Կ՛ըսէ Զելենսքի

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Արապի Աքքար
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Արապի Աքքար

September 19, 2026
Լիբանանի Երիտասարդներու  Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռասինկ
Մարզական

Լիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռասինկ

September 19, 2026
Ճատրակ.  Հայաստանի Հաւաքականները  Յաղթանակ Մը Եւս Արձանագրեցին
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստանի Հաւաքականները Յաղթանակ Մը Եւս Արձանագրեցին

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.