Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տոմս. Անկախութիւնը Պահելն Է Կարեւորը

November 24, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անկախութեան տօնը բերկրանքի եւ հպարտութեան առիթ մըն է: Ասիկա կասկած չ՛ուզեր:

Անկախութիւնը, ինչպէս անհատական մակարդակի վրայ, նաեւ ժողովուրդներու եւ երկիրներու համար կենսական է, որպէսզի տուեալ ժողովուրդը իբրեւ ազգ գոյատեւէ, ծաղկի եւ բարգաւաճի իր անկախ հայրենիքին մէջ: Պետութիւնները, որոնք անկախութիւն ձեռք բերած են մեծ զոհողութիւններու գնով, պէտք է գիտակցին, որ չի բաւեր միայն անկախանալ: Կարեւորը անկախութեան արժանի պետական համակարգ եւ ազգ ստեղծելն ու պահպանելն է, որպէսզի բազում զոհողութիւններով եւ արեան գնով ձեռք բերուած անկախութիւնը արժեւորուի եւ իմաստաւորուի:

Անկախութիւնը առաւել քան լիիրաւ իր իմաստը կը ստանայ, երբ տուեալ պետութեան սահմաններուն մէջ եւ անոր հողերուն վրայ ապրող ժողովուրդը կը զգայ, որ իր ցաւերուն, հարցերուն, խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն դիմագրաւման մէջ առանձինն իր բախտին ձգուած չէ: Երբ կը տեսնէ, որ պետութեան հաստատութիւնները կը գործեն իր բարօրութեան համար, զինք առանձին չեն ձգեր եւ տէր կը կանգնին` միաժամանակ քաղաքացիներուն պարտաւորութիւնները յիշեցնելով եւ աշխատելով, որ ամէն ոք գոհ ու հանգիստ ապրի: Անկախ` չի նշանակեր իր բախտին ձգուած, այլ իր ամբողջական իմաստով կը նշանակէ յանձնառութիւն մը, որ պետութիւնը պարտաւոր է ունենալու իր քաղաքացիներուն նկատմամբ:

Պահ մը նկատի ունենանք մեր կեանքը: Առօրեան կը սկսի դժգոհութիւններով: Ախով եւ վախով: Ելեկտրականութեան հոսանքի չգոյութիւն, փոխարէնը` ելեկտրածին շարժակներու ամսական մեծ ծախս, որ ինքնին կը հոգելլկէ, առօրեայ ապրուստի ահաւոր տագնապ, դեղորայքի երեւակայական սակեր, հիւանդանոցային ծախսերու աստղաբաշխական գումարներ: Ապագայի անորոշութիւն, մերթ ընդ մերթ անապահովութիւն, իշխանութեան բացին պատճառով` քաղաքական հորիզոնի չգոյութիւն: Տակաւին` երիտասարդութեան արտահոսք, ընկերային սարսափելի գահավիժում եւ բազում հարցեր ու տագնապներ, որոնք քաղաքացիները կը մղեն արդարօրէն հարց տալու, թէ իբրեւ  անկախ երկրի մը քաղաքացիներ` ի՛նչ օգուտներ եւ առաւելութիւններ կը վայելեն, մինչ տարրական պէտքեր չեն ապահովուած:

Նման իրավիճակ բնականաբար քաղաքացիները կը վերածէ անտարբեր եւ եսակեդրոն անձերու, որոնց համար սեփական բարօրութիւնը ամէն բանէ առաջ է: Ասիկա կը ստեղծէ անձնակեդրոն հաւաքականութիւն մը, որ զուրկ է ընդհանուր շահերը գերադասելու կարողութենէն: Ասոր յանցաւորը պետական համակարգն է եւ ոչ թէ` քաղաքացին: Երբ ջուրի հոսանքը կ՛ընդհատուի, մարդ կը մղուի դառնալու միայն իր շահերուն մասին  եսակեդրոն անձի մը, որ երբ իր ջուրը ապահովեց, ուրիշ բանի մասին չի մտածեր: Չի մտածեր նաեւ օգնութեան հասնելու իր դրացիին, ազգականին, նոյնիսկ որոշ պարագաներու` ծնողին ու հարազատին: Այլ խօսքով, անտառային եւ քարայրային նախնական  մտածողութեան տէր, բայց բնակարաններու եւ յարկաբաժիններու մէջ ապրող  մարդոց թիւն է, որ կը բարձրանայ` բաւական արտառոց իրավիճակներ ստեղծելով:

Այսպէս, ուրեմն, սիրելիներ: Անկախութիւն ձեռք ձգելը չէ կարեւորը: Կենսականը այդ անկախութիւնը արժեւորելն է: Երբ տարրական պէտքերէ զուրկ է քաղաքացին, ի՜նչ անկախութեան մասին է խօսքը: Այս ալ` իր կարգին:

ԱՆՏՈՒՆ ՏՆԵՑԻ

Նախորդը

Վարձատրութիւն Գաղափարական Կուսակցութեան

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.