Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաթարի Իշխանը Պաշտօնապէս Բացումը Կատարեց Արաբական Աշխարհի Առաջին Մոնտիալին

November 21, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի երէկ Տոհայի մէջ պաշտօնապէս բացումը կատարեց 2022-ի Մոնտիալին` նշելով. «Շատերու հետ միասնաբար աշխատեցանք եւ ամբողջ մարդկութեան բարիքին մէջ ներդրում կատարեցինք, եւ միասնաբար, եւ մեզի հետ ամբողջ աշխարհը, պիտի հետեւինք քաղաքակիրթ հաղորդակցութեան ֆութպոլային մեծ փառատօնին»:

«Ի՜նչ գեղեցիկ է, երբ մարդիկ մէկ կողմ կը դնեն զիրենք իրարմէ առանձնացնողը, որպէսզի տօնեն իրենց բազմազանութիւնը եւ այն, ինչ որ զիրենք կը միաւորէ: Թող որ բարիք եւ յոյս ներշնչող օրեր ըլլան. աշխարհը բարի եկած է բոլորին Տոհան», ըսաւ Քաթարի իշխանը:

Խոր քաղաքի «Պայթամ» մարզադաշտին մէջ բացման արարողութեան առանցքային պատգամը ամբողջ մարդկութեան համախմբումը, մարդկութեան, յարգանքի եւ ներառարութեան ճամբով տարբերութիւններու կամրջումն էր:

7 արարներէ բաղկացած ծրագիրը քաթարեան աւանդութիւնը կը միաւորէր համաշխարհային մշակոյթին հետ եւ կը ներառէր ակնարկներ մասնակից 32 ազգային խումբերուն, Մոնտիալը նախապէս հիւրընկալած երկիրներու եւ Մոնտիալի համար կամաւոր աշխատանքի մասնակիցներուն:

Բացման հանդիսութեան հարիւրաւոր մասնակիցներուն շարքին էին ամերիկացի աշխարհահռչակ դերասան Մորկըն Ֆրիմըն, որ խօսեցաւ «բոլորս միացնող զգացումներու» մասին, լիբանանցի երգչուհի Միրիամ Ֆարես, երգչուհի Նիքի Մենաժ, հնդիկ երգչուհի Նորա Ֆաթեհի, հարաւային քորէացի երգիչ Եունկ Քուք:

Ասիկա առաջին անգամն է, որ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ Միջին Արեւելքի մէջ, արաբական ու իսլամական երկրի մէջ, ինչպէս նաեւ առաջին անգամ` աշնան ու ձմրան:

Ըստ տարբեր տուեալներու, Քաթարի մէջ տեղի ունեցող Մոնտիալը պիտի դառնայ մինչեւ հիմա եղածներուն ամէնէն թանկարժէքը: Տակաւին մէկ տարի առաջ մարզադաշտերու, փապուղիի, օդակայաններու, նոր քաղաքի ու նաւահանգիստի կառուցման ծախսերը գերազանցած էին 200 միլիառ տոլարը: 2017-ին յայտնի դարձած էր, որ Քաթար շաբաթական 500 միլիոն տոլար պիտի ծախսէ մարզադաշտերու պատրաստութեան վրայ: Օրինակի համար նշենք, որ Ռուսիան 2018-ի Մոնտիալին համար ծախսած էր 18 անգամ աւելի քիչ գումար:

Նախորդը

Վիլայեթի. «Ազրպէյճանի Կամ Մէկ Այլ Երկրի Դէմ Պատերազմ Շղթայազերծելու Մտադրութիւն Չունինք»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.