Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սէուտական Արաբիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Բնականոնացումը Մեր Գլխաւոր Առաջնահերթութիւնն Է» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

November 21, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի նշանակեալ վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շաբաթ օր ակնարկած է, որ յառաջիկայ շրջանին իր գլխաւոր նպատակներէն մէկը Սէուտական Արաբիոյ հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելն է: Այս մասին հաղորդեց «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը:

Իսրայէլեան օրաթերթը նշեց, որ Նեթանիահու «Զում»-ի ճամբով Լաս Վեկասի մէջ «Հրէական հանրապետական դաշինք»-ի ժողովի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է. «Նպատակս աբրահամեան համաձայնագիրներուն նոր երկիրներ միացնելն է, մասնաւորաբար այլ երկիր մը»:

«Արտակարգ կերպով բախտաւոր էի աշխատելու նախագահ Թրամփի ղեկավարութեամբ ամերիկեան վարչակազմի մը հետ, որ մեր քաղաքականութեան համաձայն էր, եւ ատիկա խաղաղութեան 4 համաձայնագիրներու յանգեցուց: Ատիկա տեղի ունեցաւ, որովհետեւ շրջանցեցինք պաղեստինցիները: Նպատակը արաբ-իսրայէլեան տագնապին վերջ տալն է»:

Խօսելով իրանեան հիւլէական սպառնալիքին մասին եւ 2015 թուականին Քոնկրեսին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ Սպիտակ տան դիրքորոշումին հակառակ եղող դիրքորոշում արտայայտելուն մասին` Իսրայէլի նշանակեալ վարչապետը ըսաւ, որ ինք իր կարելին պիտի ընէ «արգելք հանդիսանալու համար, որ իրանեան վարչակարգը հիւլէական զէնք ձեռք բերէ, եւ եթէ ատիկա գոյութիւն ունեցող (ամերիկեան) վարչակազմին դէմ կանգնիլ պիտի նշանակէ, այդպէս պիտի ըլլայ»:

Ըստ Նեթանիահուի, Քոնկրեսին մէջ իր արտասանած այդ խօսքը «Ծոցի երկիրներուն մօտ յառաջացուց այն գիտակցութիւնը, որ ինք իրանեան հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներուն դէմ ըլլալէն չի վախնար, եւ այդ իրականութիւնը յանգեցուց գաղտնի ժողովներու շարքի մը եւ երկու կողմերուն միջեւ մերձեցման հոլովոյթի, որուն արդիւնքները ի վերջոյ եղան աբրահամեան համաձայնութիւնները»:

Լիքուտ կուսակցութեան ղեկավար Պենիամին Նեթանիահու Քնեսեթի ընտրութիւններուն մէջ յաղթանակ արձանագրելէ առաջ յայտարարած էր. «Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը իմ յաջորդ նստաշրջանիս գլխաւոր առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ»` նշելով.«(Արաբական երկիրներու հետ յարաբերութիւններու) բնականոնացման համաձայնութիւնները պիտի գոյանային առանց Սէուտական Արաբիոյ համամտութեան»:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլի Եւ Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարներուն Միջեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յաջորդը

Թուրքիա Հիւսիսային Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ «Սուրի Ճանկ» Գործողութեան Յաջող Շարունակութիւնը Կը Յայտարարէ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.