Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Կորուստները. Ոչ Եւս Է Դաստիարակ Եւ Գործիչ Դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեան

November 18, 2022
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 12 նոյեմբերին Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքեց երկար տարիներու դաստիարակ եւ գործիչ դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեանը:

Կենսաքիմիական ու միջուկային կենսաբանութեան դոկտոր փրոֆեսէօր Մ. Մարկոսեան 1975-ին կը հանդիսանայ առաջին հայ գիտնականը, որ կը ստանայ Ամերիկեան սրտաբանական ընկերակցութեան աւագ գիտաշխատողի «Established Investigator» մրցանակը` հինգ տարուան ֆոնտ, կատարելու շարք մը հիմնական քննարկումներ մկանային սպիտակուցներու կենսաբնագիտական յատկութիւնները յստակացնելու եւ  սերտելու անոնց փոխազդեցութիւնը մկանային պրկումներու մեքանիզմին վրայ:

1987-ին, իբրեւ այցելու փրոֆեսէօր, կը հրաւիրուի Բրիտանական սրտաբանական ընկերակցութեան կողմէ` տալու շարք մը դասախօսութիւններ Պիրմինկհեմի բժշկագիտական համալսարանին մէջ:

1991-ի օգոստոսին կ՛այցելէ Երեւան` իբրեւ հիւրը Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի կենսաբնագիտութեան բաժնին: Անդամ էր ամերիկեան ու միջազգային շարք մը կենսաբանական ու կենսաբնագիտական ընկերակցութիւններու: Շրջանաւարտ է Պէյրութի ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանէն, ինչպէս նաեւ` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն: 1980-1988 գործակցած է Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ, նախկին պատրիարք Երուսաղէմի հայոց` Թորգոմ արքեպիսկոպոսին հետ, առաջնորդարանին մէջ մշակութային ձեռնարկներու իբրեւ վարիչ: 1988-ին առաջնորդ սրբազանին կողմէ նշանակուած է առաջնորդարանի «Ղարաբաղ» կոմիտէի նախագահ` մինչեւ մարտ 15, երբ մուտք կը գործէ ՀՅԴ-ի շարքերը Նիւ Եորքի «Արմէն Գարօ» կոմիտէութեան մէջ:  Գրող, թարգմանիչ, հրապարակագիր ու հասարակական գործիչ: Աշխատակցած է սփիւռքահայ մամուլին` «Նայիրի»-ին, «Յառաջ»-ին, «Ազդակ»-ին,  «Ասպարէզ»-ին եւ «Դրօշակ»-ին:  Հեղինակ է թարգմանական արձակ ու չափածոյ հատորներու, ինչպէս` «Հայ բանաստեղծութեան ծաղկաքաղ»-ին, Վահան Թէքէեանի, Չարենցի, Շէն-Մահի, Թորգոմ արքեպիսկոպոսի, Անդրանիկ Ծառուկեանի եւ այլոց աշխատանքներուն, որոնց ընտրութիւնը, թարգմանութիւնը եւ վերջնական խմբագրումը իրն են կարգ մը լեզուական սրբագրութիւններէ ետք` քանի մը աշխատակիցներու հետ:

1997-2001 եղած է Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան ազգային վարժարանի տնօրէն:

Հեղինակ է շարք մը յօդուածներու` հայ գրականութեան գրողներու  եւ կենսագրութիւններու «20-րդ դարուն գրականութեան համաշխարհային համայնագիտարան»-ին համար: Կատարած է նաեւ խմբագրական աշխատանք:

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Հայկական Սփիւռքը` Թուրքիոյ Պետական Այրերու Մղձաւա՞նջը…

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Այցելութիւնը Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 10, 2026
Հաղորդագրութիւն.  «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան».  Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութէ Գաղութ

Հաղորդագրութիւն. «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան». Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 7, 2026
Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի
Գաղութէ Գաղութ

Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի

September 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.