Երէկ Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը բարձր կը գնահատէ ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ միաձայնութեամբ ընդունուած բանաձեւը, որ խստօրէն կը դատապարտէ ազրպէյճանական նախայարձակումը: Դէմ քուէարկած է միայն ազրպէյճանամէտ եւ Ալիեւներու քլանի մտերիմ Նաթալի Կուլէն, որու փտած ըլլալը արդէն ակնյայտ է բոլորին համար:
Այս բանաձեւը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդներու անվտանգութեան եւ իրաւունքներու հարցին շուրջ կայ Ֆրանսական քաղաքական փոխհամաձայնութիւն, մասնաւորապէս` օրէնսդրական մակարդակի վրայ: Եւ մենք յառաջիկայ օրերուն կը սպասենք համանման բանաձեւի ընդունումին` Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ:
Այս բանաձեւը Ֆրանսայի կառավարութեան վրայ առաւել բարձր ճնշում եւ պարտաւորութիւն պիտի ըլլայ, որպէսզի իր եւրոպացի գործընկերներուն հետ ի վերջոյ պատժամիջոցներու ձեռնարկէ ազրպէյճանցի նախայարձակին դէմ: Այս հարցին մէջ Ֆրանսայի հայ համայնքը, Հայ դատի յանձնախումբը եւ ֆրանսացի երեսփոխանները առանձին պիտի ըլլան, եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները եւ հայաստանեան դիւանագիտութիւնը չգործեն նոյն ուղղութեամբ:
Կայ երկրորդ շատ կարեւոր կէտ բանաձեւին մէջ: Այն ժամանակ, երբ տարբեր քաղաքական ուժեր կը փորձեն խեղդել Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն շուրջ քննարկումները եւ նիւթը փակ նկատել, յատկանշական է, որ Ֆրանսայի Ծերակոյտը կը վերահաստատէ իր 2020-ի պահանջը Ֆրանսայի կառավարութեան` անգամ մը եւս կոչ ուղղելով ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը: Ծերակոյտը նաեւ կը պահանջէ Արցախի մէջ ֆրանսական մարդասիրական կեդրոն հիմնել:
Հայ դատի յանձնախումբը կը սատարէ այս առաջարկին եւ կը վերահաստատէ իր անվերապահ պատրաստակամութիւնը` համագործակցելու Ֆրանսացի քաղաքական դասակարգին հետ ի շահ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան, անկախութեան եւ ազատագրութեան»:


