Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՊԿ-ի Զինուորական Կոմիտէն Քննարկած Է Նոր Մարտահրաւէրներուն Եւ Սպառնալիքներուն Հակազդելը

November 17, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) զինուորական կոմիտէն տեսաժողովի դրութեամբ նիստ գումարած է եւ քննարկած նոր մարտահրաւէրներու ու սպառնալիքներու հակազդելը: «Արմէնփրես», յղում կատարելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին, կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն:

«10 նոյեմբերին տեսաժողովի դրութեամբ տեղի ունեցած է ՀԱՊԿ-ի զինուորական կոմիտէի նիստ: Անոր մասնակցած են Հայաստանի, Պիելոռուսիոյ, Ղազախստանի, Խըրխըզիստանի, Ռուսիոյ եւ Տաճիկիստանի զինեալ ուժերու գլխաւոր սպայակոյտերու պատուիրակութիւնները, ինչպէս նաեւ ՀԱՊԿ-ի միացեալ սպայակոյտի եւ քարտուղարութեան ներկայացուցիչները», ըսած են նախարարութենէն:

«Նիստի ծիրին մէջ տեղի ունեցած է կարծիքներու փոխանակում` հաւաքական անվտանգութեան շրջանին մէջ ռազմա-քաղաքական կացութեան, նոր մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու հակազդելու միջոցներուն, ինչպէս նաեւ միութենական դաշինքի պետութիւններու պաշտպանական գերատեսչութիւններու համագործակցութեան հրատապ հարցերուն, շուրջ», աւելցուցած են Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Յոյս Յայտնեց, Որ Ֆրանսայի Կառավարութիւնը Կը Գործադրէ Ծերակոյտի Պահանջներն Ու Առաջարկները

Յաջորդը

Պլինքըն Ալիեւը Յորդորած Է Պահպանել Զինադադարը Եւ Դադրեցնել Սադրանքները

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.