Լիբանան այսօր ժամադրուած է նախագահական ընտրութեան նոր փորձի խոստումով, ուր սակայն ցարդ տարուած ճիգերը յստակ պատկերացում չունին այս հարցի հեզասահ իրագործման կապակցութեամբ: Փաստօրէն առնչակից ազդեցիկ կողմեր տակաւին կառչած կը մնան նախագահական թեկնածուի իրե՛նց պատկերացուցած կերպարի պահանջին: Մինչ այլ կողմեր նախագահական ընտրութենէն անդին կ՛արծարծեն ստեղծուելիք իրավիճակի մանրամասնութիւնները, թէ` ինչպիսի՛ Լիբանան մը պիտի պարզուի նորընտիր նախագահի իշխանութեան շրջանին: Այս ծիրին մէջ, օրինակ, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը կը վերահաստատէ 2020-ի պայթումէն ետք իր առաջադրած Լիբանանի յատուկ միջազգային համագումարի մը կայացումը, ուր հիմնականին մէջ վերանայուի Լիբանանի սահմանադրութիւնը նկատուող Թաէֆի համաձայնագիրը: Մինչ կարգ մը այլ կողմեր կը պնդեն ներքին համախոհութեան մը կայացումը` դիտել տալով, որ արտաքին «աշխարհը զբաղած է» այլ տաղտուկներով (Ուքրանիոյ պատերազմ, կենսոլորտային մտավախութիւններ եւ այլն): Մինչ ամէն գնով լիբանանեան կառոյցը կանգուն պահելու ջատագով կողմեր համամիտ են մասնակցելու տեղական թէ արտաքին որեւէ ժողովի կամ համագումարի, այնքան ատեն որ նման քայլ մը կ՛երաշխաւորէ լիբանանեան պետութեան գոյատեւումը` իբրեւ գերիշխան կառոյց: Այս դիտանկիւնէն կարելի է ըմբռնել Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան վերջին ժողովի յայտարարութիւնը` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:
Քաղաքական այս մթնոլորտին առընթեր պատկան կողմեր կը ջանան ճիգ չխնայել` խուսափելով երկիրը ապահովական «սայթաքումի» վտանգին մղելէ: Փաստօրէն, հակառակ իրենց «հրաժարած» կարգավիճակին, երկրին վարիչները արտակարգ ջանքերով կը փորձեն հարթել խնդրայարոյց հրատապ թնճուկները, յատկապէս խուսափելով «դանակը կոկորդին հասած է» բացագանչող անյոյս քաղաքացիները փողոց մղելու խթանող շարժառիթներէն: Պատասխանատուներու այս ճիգերը կը մեկնին նաեւ այլ մտավախութիւններէ, զորս արտաքին կողմեր յաճախակիօրէն կը զգուշացնեն: Արդարեւ ամերիկացի պատասխանատու Պարպարա Լիֆի վերջերս կատարած զգուշացումէն ետք, թէ լիբանանեան կառոյցները քայքայումի վտանգին ենթակայ են եւ թէ` Լիբանան իբրեւ ինքնուրոյն կառոյց ջլատելու հաւանականութեան դէմ յանդիման կը գտնուի, առաւել եւս շեշտուեցան արտաքին այլ կողմերու յանձինս պատկան դեսպաններու թէ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու այն մտավախութիւնները, թէ երկրի ընկերային, տնտեսական ու յատկապէս ապրուստի կենցաղային տարրական պահանջներու անտեսումն ու քաղաքական սպասողական մթնոլորտը կրնան դուռ բանալ ապահովական ժողովրդային խլրտումներու: Առ այդ, ճիգերը հիմնականին մէջ քաղաքացիներու կենցաղային կարիքներու լուծման վրայ կեդրոնացած են, ինչպէս` ելեկտրականութեան հոսանքի հայթայթումի ժամերու յաւելման կարելիութիւնը, որ կը նախատեսուի յառաջիկայ դեկտեմբերէն սկսեալ: Նմանապէս «Ազգային գերիշխան սնտուկ»-ի հիմնադրութեան գծով կայացող խորհրդակցութիւնները` գլխաւորութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի, կը ծառայեն մտահոգ քաղաքացիները «հանգստացնելու, թէ հարաւային Լիբանանի նաւթահորերու հորատումներէն գոյանալիք գումարները պիտի օգտագործուին ի սպաս Լիբանանի ծաղկումին ու բարգաւաճման եւ ոչ թէ «նախորդներուն նման» պիտի «բաժնեկցուին` իբրեւ համեղ կարկանդակ»…
Քաղաքական դիւանագիտական հարթակին ուղղութեամբ եւս կը տիրէ նմանօրինակ տրամադրութիւն, ուր պատկան վարիչներ սերտ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենան արտաքին առնչակից կողմերու ներկայացուցիչներուն հետ` քննելով Լիբանանի զօրակցութեան եւ օժանդակութեան գործնական քայլերը: Այս ծիրին մէջ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ աշխուժ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ ՄԱԿ-ի եւ միջազգային այլ ազդեցիկ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ, ինչպէս` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի օգնական եւ ՄԱԿ-ի Բարգաւաճումի ծրագիրի արաբական երկիրներու շրջանային տնօրէն Խալիտա Պոզար` ներկայութեամբ նշեալ ծրագիրի Լիբանանի մէջ մնայուն ներկայացուցիչ Մելանի Հոնշթայնի: Այս նիստին խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեց ՄԱԿ-ի կողմէ Լիբանանին տրամադրուող օժանդակութեանց պարզած իրավիճակը:
Նմանապէս, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Ապու Սաապ երէկ ընդունեց ՄԱԿ-ի պատասխանատուներէն Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննեց հարաւային Լիբանանի նաւթահորերու գծով անցնող հոկտեմբերին կնքուած համաձայնութեան յաջորդող փուլի մանրամասնութիւնները, յատկապէս որ առնչակից նաւթային ընկերութիւններ արդէն իսկ խանդավառութեամբ «գործի լծուած» են հորատումներ կատարելու հարաւի թիւ 9 նաւթահորին մէջ:
Իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ Ֆրանսայի մէջ, ուր մեկնեցաւ երէկ, կը խորհրդակցի ֆրանսացի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ: Իմացուեցաւ, թէ խորհրդակցութիւնները կ՛ընդգրկեն նաեւ նախագահ Մաքրոնի հետ հանդիպում մը: Իսկ երէկ երեկոյեան Պասիլ հանդիպում ունեցաւ Փարիզի մէջ լիբանանեան սփիւռքի մէկ համախմբումին հետ` անոր պարզելով տիրող այժմու իրավիճակը:
Այս մթնոլորտին մէջ քաղաքացիներ կը մաղթեն, որ տիրող տարակարծութիւնները «մնան» քաղաքական մակարդակի վրայ եւ չգահավիժին դէպի ապահովական սայթաքում, որուն անցեալի դառն փորձառութիւնները խիստ ցաւալի եղած են շատերու համար, թէ՛ նիւթական թէ՛ մարդկային կորուստներու առումով :
Արդ, բոլորին հայեացքը ուղղուած է այսօր նախատեսուող խորհրդարանի նիստին, գէթ յոյսի նշոյլի մը ակնկալութեամբ:


