Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2022-ի 11-րդ Թիւը

November 14, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լոյս տեսաւ «Դրօշակ»-ի 2022 թուականի 11-րդ թիւը: ՀՅ Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթի առաջնորդող յօդուածը նուիրուած է հայութեան համար տագնապալի քաղաքական գործընթացներուն եւ անոնց հաւանական հետեւանքներուն` հայութեան եւ հայոց երկու զոյգ պետականութեան համար:

Անդրադառնալով վերջին շրջանի բանակցային գործընթացներուն եւ անոնց հետեւանքներուն` «Դրօշակ» կ՛եզրակացնէ, որ Հայաստանի ներկայի իշխանութեան համար այս գործընթացները ինքնանպատակ բնոյթ ունին եւ կը ծառայեն իբրեւ Արցախի ու Հայաստանի կործանման հաշուոյն իշխանութիւնը պահպանելու հնարաւորութիւն:

Թրքագէտ Սապինա Մուրադեանը թրքացեղ պետութիւններու, ինչպէս նաեւ յատկապէս Վրաստանի օրինակով կը բացայայտէ, թէ որքա՛ն վտանգաւոր է տուրք տալ թրքական փափուկ ուժին եւ, բանալով երկրի դարպասները, դարաւոր թշնամիին ու ցեղասպանին թոյլ տալ խաղաղ ուղիով զաւթելու սեփական երկիրը:

Միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Սեդօ Պոյաճեան դատապարտելի կը նկատէ Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու շահերու հակադրումը` փաստելով, որ անոնք միասնական են, ուստի կա՛մ երկուքին հետ ես, կա՛մ երկուքին դէմ:

Քաղաքագէտ Հրանդ Մելիք Շահնազարեան,  խօսելով Հայաստանի շուրջ տեղի ունեցող գործընթացներու ծիրին մէջ Իրանի համար ապահովութեան առումով կարմիր գիծերուն մասին, կը հաստատէ դրացի երկրի շահագրգռութիւնը` Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան հարցին մէջ: Միւս կողմէ` կը խօսի Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններու ցուցաբերած ոչ համարժէք քայլերուն մասին` բնական դաշնակիցին հետ, համապատասխան հարցերու մէջ սերտ գործակցութեան ուղղութեամբ:

Արեւելագէտ Արմէն Պետրոսեան եւ իրանագէտ Կարինէ Մկրտչեան, խօսելով այն մասին, որ ազրպէյճանական հոգեկերտուածքը հիմնուած է հակահայկականութեան, հակաիրանականութեան եւ հակառուսականութեան վրայ, կը ներկայացնէ այն հակառուսական ջղագրգիռ ատելութիւնը, որով ներծծուած է Ազրպէյճանի հասարակութիւնը:

«Դրօշակ»-ի այս այս թիւով կ՛եզրափակուի հրապարակագիր, բանասէր, Հալէպի հայագիտական հիմնարկի Հայ դատի դասախօս Աւօ Գաթրճեանի «Հայ ազատագրական շարժման մեծագոյն նուիրեալ Գէորգ Չաւուշին ձօնուած երգերը» յօդուածը: Հայ մեծ հերոսին նուիրուած ընդարձակ եւ, թեմայի առումով, ամբողջական այս ուսումնասիրութեան մէջ Գէորգ Չաւուշի կեանքի մանրամասներուն անդրադառնալով, հեղինակը կը ներկայացնէ Սասնոյ «Սարերու Ասլանին» նուիրուած երգերը, անոնց ստեղծման շարժառիթները, ինչպէս նաեւ` այդ երգերուն հեղինակները: Ազգային ազատագրական պայքարի պատմութեամբ եւ այդ պայքարին ձօնուած երգարուեստով հետաքրքրուողներուն համար օգտակար ու հաճելի կ՛ըլլայ այս յօդուածին ընթերցանութիւնը:

Բնականաբար թիւին մէջ կան նաեւ այլ հետաքրքրական յօդուածներ:

«Դրօշակ»-ի 2022-ի 11-րդ թիւը կրնաք կարդալ` այցելելով https://www.arfd.am

 

Նախորդը

Աշխարհը Ե՞րբ Վերջ Պիտի Դնէ Թուրքիոյ Ոճիրներուն

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քննութիւն

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.