Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները քննարկած են Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումին արդիւնքները եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը: «Ազատութեան» համաձայն, այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:
Իլհամ Ալիեւն ու Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը կը գտնուին Սամարղանդ, ուր հինգշաբթի օր սկսած է Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան վեհաժողովը:


