Մեքսիքայի մէջ տեղի ունեցած «Տապըլիու. Պի. Սի.»-ի 60-րդ համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի պատուիրակութիւնը` արհեստավարժ կռփամարտի համահայկական ֆետերասիոնի նախագահ Գառնիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ:
Համագումարին ընթացքին «Տապըլիու. Պի. Սի.»-ի նախագահ Մաուրիցիօ Սուլէյման պաշտօնապէս ներկայացուց Հայաստանը` իբրեւ «Տապըլիու. Պի. Սի.»-ի անդամ:
Ասկէ բացի Հայաստան դարձաւ շրջանի «Տապըլիու. Պի. Սի.»-ի ներկայացուցիչ:
Կազմակերպութեան նախագահը յատուկ մետալով մըն ալ պարգեւատրեց Գառնիկ Յարութիւնեանին:
Կողմերը քննարկեցին նաեւ համագործակցութեան հեռանկարները:


