Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալիննի մէջ տեղի ունեցած Քրիսթիան Փալուսալուի անուան ըմբշամարտի յուշամրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան:
Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս յուշամրցաշարքին Հայաստանը ներկայացուցին յունահռոմէական ոճի չորս երիտասարդ ըմբիշներ:
Ոսկի մետալներու տիրացան Արայիկ Թոփալեան (55 քկ) եւ Սուրէն Աղաջանեան (60 քկ), իսկ փոխախոյեան հանդիսացան Լեւոն Խաչատրեան (77 քկ) եւ Սամուէլ Խաչատրեան (82 քկ):


