Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Գլխաւորած Դաշինքը Յաջողեցաւ Խափանել Մեհմետ Օզի Ծերակոյտի Անդամ Ընտրութիւնը

November 10, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գլխաւորած եւ Ամերիկայի յունական, հրէական, քրտական եւ այլ համայնքային կազմակերպութիւններու մասնակցութեամբ կազմուած դաշինքին թափած տեւական ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած է խափանել Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մտերիմ քաղաքական գործիչ, ազգութեամբ թուրք եւ Թուրքիոյ քաղաքացի Մեհմետ Օզի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ ընտրութիւնը:

Օզ, բացի թրքական իշխող վերնախաւին հետ իր անթաքոյց կապերէն, յայտնի է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումով: Մեհմետ Օզի Ծերակոյտի անդամ դառնալը էական խոչընդոտներ կրնար յարուցել թէ՛ Ամերիկայի հայ համայնքին, թէ՛ ալ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն համար:

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը, Ամերիկայի Հայ դատի Արեւելեան ափի յանձնախումբին եւ Փենսիլվանիոյ տեղական յանձնախումբին հետ միասին, ինչպէս նաեւ համայնքային ներգրաւումով, ամիսներ շարունակ պայքարած է ձախողեցնելու համար Օզի ընտրութիւնը: Այդ ամբողջ ընթացքին էական աշխատանք տարուած է ընտրողներու հետ` վերջիններուս համար բացայայտելով Օզի իրական կապերը, քաղաքական ծագումը եւ անհամապատասխանութիւնը ամերիկեան քաղաքական մշակոյթին, լայնօրէն օգտագործուած են ընկերային լրատուամիջոցներու կարելիութիւնները, որոնց շնորհիւ Օզի իրական նպատակներն ու անցեալը ներկայացնող տեսահոլովակը կարճ  ժամանակի մէջ հաւաքած է միլիոնաւոր դիտումներ: Հայ դատի յանձնախումբը նաեւ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան կոչ ուղղած էր հետաքննութեամբ պարզելու, թէ արդեօք Օզի գործունէութիւնը երկիրը արտաքին ազդեցութիւններէն պաշտպանող ամերիկեան օրէնսդրութեան խախտում չէ՞: Հայ դատի Ուաշինկթընի գրասենեակն ու համապատասխան շրջանային ու տարածքային յանձնախումբերը Մեհմետ Օզի դէմ կազմակերպած են նաեւ բողոքի ցոյցեր եւ երթեր:

Փենսիլվանիոյ ընտրութիւններուն ընթացքին նահանգէն ընտրուած է Հայ դատի յանձնախումբի զօրակցութիւնը վայելող Ճոն Ֆեթըրմընը, որ յայտնի է իր անթաքոյց հայամէտ վարքով եւ շարունակաբար իր սատարումը կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հետապնդած աշխատանքներուն:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան այս յաղթանակին առնչութեամբ նկատած է. «Այս պատմական յաղթանակով Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը, Փենսիլվանիոյ ժողովուրդը եւ ամերիկեան ժողովրդավարութիւնը պաշտպանեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտողէն, որ խոր կապեր ունի Թուրքիոյ թշնամական վարչակարգին հետ: Այս շրջադարձային յաղթանակը աւելի քան մէկ տարուան ռազմավարական ծրագրաւորման եւ համայնքային ու դաշնակցային անխոնջ ջանքերու արդիւնքն է` սկսած հետազօտութիւններէն, ընտրողներու կրթութենէն, լրատուամիջոցներու օգտագործումէն եւ այլ նպատակային ընտրական նախաձեռնութիւններէն: Մենք գոհ ենք տոքթոր Օզի պարտութենէն եւ անհամբեր կը սպասենք աշխատիլ Ճոն Ֆեթըրմընի հետ»:

 

 

Նախորդը

ՕԹԱՆ-ը Կը Սատարէ Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման

Յաջորդը

«Երեւանն Ու Պաքուն Լրջօրէն Կը Ձգտին Խաղաղութեան» Կ՛ըսէ Փրայս

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.