Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գեղարքունիքի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դիտորդները Արձանագրել Են` Ազրպէյճանի Կողմէ Նախայարձակում Եղած Է Հայաստանի Սահմաններուն Ուղղութեամբ

November 8, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գեղարքունիքի մարզին մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդները արդէն արձանագրած են եւ վստահ են, որ Ազրպէյճանի կողմէ նախայարձակում եղած է Հայաստանի սահմաններուն ուղղութեամբ եւ կան բռնագրաւեալ տարածքներ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին ըսաւ Գեղարքունիքի մարզպետ Կարէն Սարգսեան Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:

«Խախտումներ արձանագրուած են, բայց վերջին օրերուն ակնյայտ կ՛երեւի, որ  նուազած են անոնք: Ամէն պարագայի, դիտորդները իրենց պարեկային գործունէութիւնը կ՛իրականացնեն, ինչ որ նոյնպէս իր ազդեցութիւնը կը ձգէ, այդ ալ պատճառ է, որ հակառակորդը  նուազեցուցած է կրակոցները», ըսաւ մարզպետը:

Սարգսեանի համաձայն, Եւրոպական Միութեան դիտորդները Գեղարքունիքի մէջ ունին 1 կեդրոն, բայց 11 բնակավայրերու սահմանով մէկ կ՛իրականացնեն աշխատանք: Իսկ թէ պարեկային ծառայութիւնը անոնք ճիշդ ո՛ւր կ՛իրականացնեն, ան չբացայայտեց:

«Անոնք ամէն օր դիտարկում կ՛իրականացնեն, ամէն օր նոր բացայայտումներ կը կատարեն: Մարզպետարանը  իր ունեցած ամբողջ տեղեկութիւնը փոխանցած է մեր գործընկերներուն, իրենք ալ վստահեցուցած են, որ ատիկա իբրեւ զեկուցում կը ներկայացնեն: Դիտորդներու շարքին արդէն կան մարդիկ, որոնք արձանագրած են եւ վստահ են, որ Ազրպէյճանի կողմէ նախայարձակում եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն ուղղութեամբ», ըսաւ ան:

Անոր համաձայն, Գեղարքունիքի մէջ 8 դիտորդ առաքելութիւն կ՛իրականացնէ:

«Քարտէսներու եւ ներկայ պահուն ազրպէյճանական զօրքերի գտնուելու հետ կապուած իրենք վստահ են, որ Հայաստանի տարածքներէն բռնագրաւուած տարածքներ կան,  ու վստահ են, որ ատիկա ազրպէյճանական նախայարձակումի պատճառով եղած է», նշեց մարզպետը:

 

Նախորդը

Մոսկուան Երեւանին Եւ Պաքուին Կոչ Կ՛ուղղէ «Զերծ Մնալու Վտանգաւոր Գործողութիւններէն ու Քայլերէն»

Յաջորդը

Կլիմայի Փոփոխութեան Մասին Շարմ Շէյխի Խորհրդաժողովին. Կութիերես Յայտարարած Է, Որ Երկիր Մոլորակը Դէպի «Կլիմայական Դժոխք» Կ՛ուղղուի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան  Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ

October 6, 2026
Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.