Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրիւքսէլի Մէջ «Լեռնային Ղարաբաղը Եւրոպական Ընտանիքի Մաս Է Եւ Նոյն Արժէքները Կը Կրէ» Կ՛Ըսէ Նախագահ Սարգսեան

March 8, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախագահ Սարգսեան եւ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզօ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզոյի հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ յայտարարեց, որ Հայաստան մշտապէս կարեւոր նկատած է Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն հետ ուղիղ կապերու եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներուն` Ղարաբաղ պարբերական այցելութիւններու անհրաժեշտութիւնը:

«Մենք բազմիցս շեշտած ենք, որ Լեռնային Ղարաբաղը եւրոպական ընտանիքի մաս կը կազմէ, նոյն արժէքներու կրողն է եւ կը հետապնդէ ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ու օրէնքի գերակայութեան վրայ հիմնուած հասարակարգ ձեւաւորելու նպատակները», նշեց ան` աւելցնելով, որ հայկական կողմը այլընտրանք չի տեսներ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ հարցի խաղաղ եւ բանակցային ճամբով լուծման:

Հայաստանի նախագահը նշեց, որ բանակցութիւնները անհամատեղելի են պատերազմի քարոզչութեան, ազգատեացութեան եւ աննախադէպ չափերով սպառազինութիւններու ձեռքբերման հետ: Ըստ անոր, անոնք, որոնք պատերազմ կը «խաղան», պէտք է արդէն վաղուց սորված ըլլային պատմութեան դասերը:

Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահին հետ հանդիպման ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  յարաբերութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն: «Ես վերահաստատեցի հայկական կողմին յանձնառութիւնը` ընտրական հոլովոյթները կազմակերպելու եւ կայացնելու միջազգային չափանիշներուն համապատասխան: Մենք խորապէս կը գիտակցինք ազատ, արդար եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններու կայացման կարեւորութեան` մեր երկրին հետագայ զարգացման համար», յայտարարեց ան:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Եւրոպական Միութեան նախագահ Հերման վան Ռոմփէյի հետ: Նախագահը մասնակցեցաւ Հիւսիսատլանտեան խորհուրդ-Հայաստան 28+1 ձեւաչափով նիստին:

Իր ծաւալուն խօսքին մէջ հանրապետութեան նախագահը անդրադարձաւ Հայաստան-ՕԹԱՆ յարաբերութիւններուն, շրջանային զարգացումներուն, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման եւ Հայաստանի առջեւ դրուած մարտահրաւէրներուն:

Հանրապետութեան նախագահը խօսեցաւ Հայաստանի մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն եւ անոնց արդիւնքներուն մասին: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթին արձագանգեցին Մեծն Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ ՕԹԱՆ-ի անդամ տասնեակէ մը աւելի երկիրներու ներկայացուցիչներ, որոնք բարձր գնահատեցին Հայաստան-ՕԹԱՆ յարաբերութիւններու ուժականութիւնը, Հայաստանի մէջ իրականացուող քաղաքականութեան արդիւնքները եւ այն յանձնառութիւնները, զորս Հայաստանը ստանձնած է եւ յաջողութեամբ  կ՛իրականացնէ իբրեւ գործընկեր երկիր:

Քննարկուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հեռանկարը, ուր ուժ եւ անոր սպառնալիքը չկիրարկելու, ազգերու ինքնորոշման եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներու հիման վրայ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ ընթացող հոլովոյթը նկատուեցաւ իբրեւ այլընտրանք չունեցող:

Նախագահ Սարգսեան պատասխանեց մասնակիցներուն հարցումներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց գնահատանքին եւ քաջալերանքին համար:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Պելճիքա կատարած աշխատանքային այցելութիւնը աւարտեցաւ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շտեֆան Ֆիուլէի հետ հանդիպումով:

Զրուցակիցները անդրադարձան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին, եւրոպական համարկման ուղղութեամբ Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարման ընթացքին, Եւրոպական Միութեան օժանդակութեամբ իրականացուող հեռանկարային ծրագիրներուն, որոնց շարքին Հայաստանի մէջ ձեռնարկուած լայնածաւալ բարեփոխումներու հոլովոյթին, զոր Հայաստանը վճռական է զարգացնելու Եւրոպական Միութեան չափանիշներուն համապատասխան:

Սարգսեան եւ Ֆիուլէ մանրամասնօրէն քննարկեցին բոլոր ուղղութիւններով Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարը, ներառեալ` Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան նոր գաղափարախօսութեան հիմքին մէջ ինկած «Աւելին` աւելիին դիմաց» սկզբունքը, որ կը նախատեսէ Եւրոպական Միութեան կողմէ գործընկեր երկիրներուն աւելի շատ աջակցութիւն տրամադրել` աւելի շատ բարեփոխումներու դիմաց:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը` աւարտելով Պելճիքա աշխատանքային այցելութիւնը, երէկ վերադարձաւ Երեւան:

 

 

Նախորդը

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով ՀՅԴ-ն Եւ ՀՕՄ-ը Կը Մեծարեն Հայաստանցի Կին Գործիչները

Յաջորդը

Գալստեան. «ՀՅԴ-ն Խորհրդարանին Մէջ Կիներու 30 Առ Հարիւր Ներգրաւուածութեան Կողմնակից Է»

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.