Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Նախագահները Կը Կիսեն 2020-ի Արցախեան Պատերազմին Իրենց Թալանածը

November 7, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Մինչ Հայաստան կ՛ամոքէր 2020-ի արցախեան պատերազմի իր վէրքերը, Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները ժամանակ չէին կորսնցներ հաւաքուելու եւ իրենց ընտանիքներուն ու մտերիմներուն միջեւ բաժնելու Արցախի եւ շրջակայ տարածքներու գրաւումէն ձեռք բերուած աւարը:

Ազրպէյճանցի լրագրող Ուլքար Նաթիքքըզի 24 հոկտեմբերին eurasianet.org կայքին մէջ հրապարակեց իր հետաքննական յօդուածը` ««Եղբայրական» Ազրպէյճանն ու Թուրքիան շահաւէտ ղարաբաղեան առեւտրական կապեր կը կառուցեն» վերնագիրով: Այդ կը  բացայայտէ, թէ ինչպէ՛ս երկու նախագահները իրենց ընտանիքի անդամներուն եւ մտերիմներուն միջեւ բաժնած են Արցախէն իրենց թալանածը:

Նաթիքքըզի գրած է, որ` «Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի մօտ կանգնած ընկերութիւնները ստացած են առնուազն հարիւրաւոր միլիոն տոլարներու պայմանագիրներ, մասնաւորապէս` Ղարաբաղի այն տարածքներու վերականգնման համար, զորս Ազրպէյճան վերագրաւած էր  պատերազմի ընթացքին® Զանգելանի [Կովսական] շրջանին մէջ գտնուող գիւղատնտեսական մեծ նոր համալիրներէն մէկուն մէջ Էրտողանի ընտանիքին անդամները առեւտրական գործընկերներ են նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքի անդամներուն հետ»:

Հոկտեմբեր 2022-ին Էրտողանն ու Ալիեւը միասին  շրջեցան  «Տոսթ (Բարեկամ) գիւղատնտեսական զբօսայգի-ի մէջ», որ 100 միլիոն տոլար արժողութեամբ նախագիծ մըն է, որուն վերջնական արդիւնքն այն է, որ այդ վայրին մէջ պիտի աշխատին 500 անձեր, եւ պիտի բուծանուին մինչեւ տասը հազար գլուխ մեծ եղջերաւոր անասուններ: Երկու նախագահները` «Պատրաստուած է Ղարաբաղի մէջ» պիտակներ փակցուցած են «Տոսթ գիւղատնտեսական զբօսայգի»-ի կողմէ տարածաշրջան բերուած մեծ եղջերաւոր անասուններու միսի մթերքի փաթեթներուն վրայ:

Էրտողանին ուղեկցած է` «Ապտուլքատիր Քարակէօզ, որ «Տոսթ զիրաաթ»-ի սեփականատէրն է եւ «Տոսթ գիւղատնտեսական զբօսայգի»-ի թուրք ներդրողը»: Քարակէօզ Էրտողանի ընտանիքին անդամ է, ան ամուսնացած է Էրտողանի զարմուհիին` Էրտողանի եղբօր` Մուսթաֆա Էրտողանի դստեր հետ: 2016-ին, անոնց ամուսնութենէն անմիջապէս ետք, երբ Էրտողանի ընտանիքի անդամները միացան անոր ընկերութեան, «Քարակէօզ սկսաւ շահիլ զգալի քանակութեամբ պետական պայմանագիրներ, որոնցմէ շատերուն մասնակցած է միայն իր ընկերութիւնը»:

Նախագահ Ալիեւի պաշտօնական կայքին մէջ կ՛ըսուի, որ` «Գիւղատնտեսական զբօսայգի- նախագիծի առաջին փուլին կառուցուած են` գրասենեկային շէնքեր, 5200 քառ. մեթր փակ եւ 11.300 քառ. մեթր բացօթեայ անասնաբուծական համալիրներ, զբօսանքի տարածքներ, սրճարան, շարժապատկերի սրահ, հանգիստի գօտի, լողաւազան եւ սպասարկող անձնակազմին համար նախատեսուած շէնքեր: Համալիր բերուած է ընդհանուր առմամբ 3500 գլուխ մեծ եղջերաւոր անասուն, եւ իրականացուած է գիւղատնտեսական արտադրութիւն: Երկու նախագահներուն մասնակցութեամբ աւարտած է նախորդ տարի ցանուած ցորենի եւ գարիի բերքահաւաքը»:

Էրտողանի դաշնակիցներէն մէկը, որ կը կառավարէ գիւղատնտեսական զբօսայգին, Մեհմետ Զեքի Թուղրուլն է` ընկերութեան գործադիր տնօրէնը, Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում իշխող կուսակցութեան երիտասարդական թեւի խորհուրդի նախկին անդամը:

«Ազրպէյճանական կողմէ (գիւղատնտեսական զբօսայգիի) ներդրողը «Pasha Investments»-ն է` «Pasha Holding» ընկերութեան մէկ մասը, որ կը միացնէ Ալիեւի կնոջ` Ազրպէյճանի առաջին փոխնախագահ Մեհրիպան Ալիեւայի ընտանիքին պատկանող բոլոր ընկերութիւնները», պարզաբանած է eurasianet:

Էրտողանի վերջին ամսուան այցելութեան ընթացքին անոր միացած են «Ճեմալ Քալեոնճու` «Քալեոն հոլտինկ»-ի նախագահը, Մեհմետ Ճենկիզ`  «Ճենկիզ հոլտինկ»-ի նախագահը եւ Եըլտըրըմ Տեմիրորեն` «Տեմիրորեն հոլտինկ»-ի նախագահը: Երեքն ալ միացած էին Էրտողանի` Ղարաբաղ անոր նախորդ այցի ժամանակ»:

«Ճենկիզ» եւ «Քալեոն» յայտնի դարձած են իբրեւ «Հինգի hրոսակ»-ի երկու թրքական ընկերութիւնները, որոնք սերտ կապեր ունին Էրտողանի ու իշխող կուսակցութեան հետ, եւ որոնք Էրտողանի կառավարման տարիներուն շահած են պետական ամենամեծ մրցոյթներ»: Թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթը կը գրէ, որ Էրտողանի զարմուհիին  հետ իր ամուսնութենէն ետք, մէկ տարուան ընթացքին` «Քարակէօզ ընդհանուր առմամբ շահած է տասը մրցոյթ Պոլսոյ  քաղաքապետարանէն  եւ որոշ հանրային ընկերութիւններէ»:

Նաթիքքըզի կը հաղորդէ, որ` «Ե՛ւ «Քալեոն», ե՛ւ «Ճենկիզ» շահութաբեր պայմանագիրներ կնքած են Ղարաբաղի մէջ աշխատանքի համար® ներառեալ` ճամբաներու կառուցումը եւ երեք հանքերու, մասնաւորապէս ոսկիի եւ պղինձի շահագործումը: «Քալեոն» կը կառուցէ Հորատիզ-Աղպանտ երկաթգիծը, որ նախատեսուած է իբրեւ Ազրպէյճանը Նախիջեւանին կապող երթեւեկային ճամբու մաս` Հայաստանի հարաւով: Կը նախատեսուի, որ այդ նախագիծը արժէ աւելի քան 180 միլիոն տոլար եւ աւարտի 2023 թուականին»:

Ըստ eurasianet-ի երկրորդ յօդուածին, վերնագրուած` «Թրքական ընկերութիւնները կ՛օգտուին Ազրպէյճանի յաղթանակէն», կ՛ըսուի, որ` «Մէկ այլ ընկերութիւն, որ կը ղեկավարէ Մեհմեթ Ճենկիզ, Ազրպէյճանի պետական ջրային տնտեսութեան ընկերութեան կողմէ շահած է պայմանագիր` հսկայական ջրաելեկտրական ջրամբարի կառուցման համար», կը հաղորդէ «Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ փտածութեան լուսաբանման նախագիծը (OCCRP)»: Շահելէ ետք Ճենկիզի կողմէ վերահսկուող ընկերութիւնը վճարած է ստուերային ընկերութեան, որ իր կարգին գնած է շքեղ բնակարան մը Լոնտոնի մէջ, ուր կ՛ապրէր ջրային ընկերութեան այդ օրերու ղեկավարի որդին»:

Աւելի՛ն. «Հինգի hրոսակ»-ի մէկ այլ ընկերութիւն` «Քոլին Ինսաաթ», «Նաեւ ճամբայ շինելու շահաւէտ պայմանագիր ձեռք բերած է Ղարաբաղի մէջ` «Յաղթանակի ճամբան» կառուցելու համար դէպի Շուշա [Շուշի], ազրպէյճանական «Ազվիրթ» ընկերութեան հետ միասին: «Քոլին» նաեւ ներգրաւուած է Ակալի գիւղին մէջ շուկայ ստեղծելու գործին մէջ (կը գտնուի «Թուրքիա-Ազրպէյճան բարեկամութեան փողոցը»), ուր տեղափոխուած են Ղարաբաղի մէջ վերաբնակուած առաջին քանի մը ազրպէյճանցիները»:

Թրքական ուրիշ մեծ ընկերութիւն մը` «Տեմիրորեն հոլտինկ», 2021-ին տասը տարուան պայմանագիր կնքած է Ազրպէյճանի պետական վիճակախաղը վարելու համար եւ Ազրպէյճանի տնտեսութեան նախարարութեան հետ ստորագրած է փոխըմբռնման յուշագիր` «40 միլիոն տոլար արժողութեամբ դեղագործական գործարան կառուցելու համար»:

Նաթիքքըզի յայտնած է, որ` «Ընդհանուր առմամբ, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը մօտաւորապէս 2,9 միլիառ տոլար յատկացուցած է Ղարաբաղի մէջ վերակառուցման եւ վերականգնման ծրագրերուն համար: Մանրամասնութիւններ չեն հրապարակուած այն մասին, թէ ո՛ր երկիրներու ընկերութիւններն են, որ պայմանագրեր կը ստանան, բայց բարեկամ համարուող այլ երկիրներ, ներառեալ` Իտալիա, Իսրայէլ եւ Մեծն Բրիտանիա, նոյնպիսի պայմանագիրներ ստացած են: Սակայն թրքական ընկերութիւնները, ըստ երեւոյթին, պայմանագիրներուն ամենամեծ շահողներն են: Պաքուի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան տուեալներով,  Ղարաբաղի մէջ կը գործէ թրքական մօտաւորապէս 30 ընկերութիւն: «Այդ ընկերութիւնները արդէն ներդրած են 1 միլիառ տոլար, եւ այդ ներդրումները կը շարունակեն աճիլ», ըսած է Պաքուի մէջ Թուրքիոյ առեւտրային գլխաւոր խորհրդական Եաքուպ Սեֆեր»:

Նաթիքքըզի գրած է, որ երբ իտալացի լրագրողը Ալիեւէն հետաքրքրուած է Արցախի մէջ աշխատանքի մէկ մասը իտալական ընկերութիւններէն ստանալու հեռանկարներու մասին, Ալիեւ ըսած է, որ` «Իտալիան կ՛ըլլայ երկրորդ դիրքի վրայ` Թուրքիայէն ետք: «Ան մեր դրացին է, եւ անոնք (թուրքերը) ունին շինարարական շատ նշանաւոր ընկերութիւններ», հաստատած է ան եւ` Թուրքիոյ մասին աւելցուցած. «Որովհետեւ ան մեր դաշնակիցն է եւ մտերիմ ընկերը»:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Նախորդը

«Զուլալի՛» Մերօրեայ Դառն Հեքիաթ

Յաջորդը

Պահպանուած Հայերէն Հնատիպ Գիրքերու Ժառանգութիւնը Լեհաստանի Մէջ

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.