Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած հարցերն ու երկրին մէջ տիրող իրադարձութիւնները:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը նշեց, որ երկրին իշխանութիւնը ստանձնելու մասին տիրող մնայուն բանավէճը երկրին կացութիւնը աւելի եւս պիտի վատթարացնէ եւ լիբանանցի քաղաքացիին վրայ իր ազդեցութիւնը պիտի գործէ:
«Այս շրջագիծին մէջ պէտք է գործել ըստ երկրին սահմանադրութեան, Թաէֆի համաձայնագիրին եւ Ազգային միասնականութեան ուխտին», շեշտեց խորհուրդը:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը դրուատեց Լիբանանի ապահովական ուժերուն, յատկապէս լիբանանեան բանակին ի գործ դրած ջանքերը` պաշտպանելու համար Լիբանանի սահմանները:
Խորհուրդը կոչ ուղղեց երկրին նիւթական հարցերուն խաղաղ լուծումներ գտնելու, ինչպէս նաեւ մշակելու տնտեսական ամբողջական ծրագիր մը:
Անդրադառնալով Լիբանանի պատմութեան դասագիրքի պատրաստութեան առումով տիրող բանավէճին` Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը նկատել տուաւ, որ այդ բանավէճը պէտք է արդիւնաւորուի Լիբանանի ապագային ծառայող եւ լիբանանցի նորահաս սերունդները լաւապէս դաստիարակող նախաձեռնութիւններով:
«Լիբանանի պատմութիւնը կարելի չէ որոշել ազգային համախոհութենէն հեռու: Անհրաժեշտ է բոլոր ճշմարտութիւններն ու հանգրուանները նշել: Լիբանանի պատմութեան դասագիրքը պէտք է ըլլայ ամբողջ Լիբանանի եւ բոլոր լիբանանցիներուն դասագիրքը եւ ոչ թէ երկիրը երկփեղկող նոր ծրագիր մը», նշուեցաւ խորհուրդին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը շեշտեց Սուրիոյ մէջ բռնարարքները կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը եւ ընդգծեց տագնապները երկխօսութեամբ լուծելու կարեւորութիւնը:


