Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զուլալի՛» Մերօրեայ Դառն Հեքիաթ

November 7, 2022
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Ներկայ աղէտահար շրջանի առաջին նշանակելի գեղարուեստական խաղարկային ժապաւէնն է Հայկ Օրդեանի բեմադրած «Զուլալի՛»-ն, որ հիմնուած է  Նարինէ Աբգարեանի համանուն վէպին վրայ: Մերօրեայ հեքիաթ մը, որ ունի բարոյական առաջադրանք` յոյս ներշնչել հայրենի աղէտահար հանդիսատեսին, եւ ոչ` միայն: Նկարուած է համավարակի եւ պատերազմի ծանր պայմաններու տակ, բայց համավարակն ու պատերազմը ուղղակի պատկերումով ներկայ չեն: Իմաստալից կերպով ներկայ չէին կրնար ըլլալ, որովհետեւ մենք տակաւին չենք կրցած մարսել այդ ահաւոր աղէտները: Ծանրօրէն առկայ են թշուառութիւնը եւ իրենց ճակատագիրին լքուած սահմանամերձ Տաւուշի բնակիչներու հոգեվիճակը:

Յատկանշական է, որ ե՛ւ հեղինակը, ե՛ւ բեմադրիչը արմատներով տաւուշեցիներ են,  որոնք հաստատուած են Ռուսիա: Այսինքն ծանօթ են ժապաւէնի թատրին, զգացական կապեր ունին, բայց դէպքերը կը դիտեն առնուազն մէկ քայլ հեռաւորութենէ:

Վէպ մը շատ աւելի լայն ծաւալի համայնապատկեր կը ներկայացնէ, քան` շուրջ 90 վ տեւող ժապաւէն մը: Հոլիվուտ արտադրած էր Թոլսթոյի «Պատերազմ եւ խաղաղութիւնը», սակայն…

Ոչ մէկ ժապաւէն վէպի մը նկարազարդումն է: Բեմագրութիւնը կեդրոնացած է հոգեկան բարդ եւ կրկնակի խոցերու վրայ թերեւս, որովհետեւ այդ կրնայ աւելի հետաքրքրական ըլլալ օտար հանդիսատեսին համար: Մեզի` արտերկրի հայերուս համար, շատ աւելի առաջնահերթ է տեսնել երկրի ընկերային-քաղաքական պատկերը:

Կառոյցը բարդ է, իրադարձութիւնները սահուն կերպով իրար չեն յաջորդեր, կան միջանկեալ վերյիշումներ (flash back) եւ տեսիլներ: Աւելի քան մէկ եւ կէս ժամ տեւող ժապաւէնին ներկայացուցած պատկերը կը սկսի յստականալ միայն վերջին վարկեաններուն: Գրեթէ անկարելի է գրաւոր ներկայացնել հակիրճ, դասաւորուած տրամաբանական դիպաշար:

Բացման պատկերը մղձաւանջ մըն է` տեղադրուած դրախտ բնութեան մէջ: Ընտանիքին տարեց տղամարդը ինքզինք կախած է տան ձեղունէն: Աքիր` տարեց կին մը, երեք օր ամբողջ անշարժ պառկելէ ետք Նազարոսի (մօտ 10 տարեկան տղեկ մը, տե՛ս վերի նկարը) դրդումով ոտքի կ՛ելլէ: Տախտակի շերտեր գամելով` կը փակէ այդ սենեակի պատուհանները (անցեալ էջ մը փակելու խորհրդանի՞շ) եւ կամովին կը ստանձնէ իրեն հետ արիւնակցական կապ չունեցող տղեկի եւ անոր խելակորոյս անկարող  մօր (Զուլալի) ապրուստն ու խնամքը: Աքիր, որ հոգատար, բայց խիստ ուժեղ մայր մը ըլլալու բոլոր տուեալները ունի, անզաւակ է: Աքիր անպաշտօն կ՛որդեգրէ Զուլալն ու Նազարոսը:

Դուրսը ջուրի միակ ծորակը ցամքած է: Մեղուները լքած են հնամաշ փեթակները: Հնակարկատ Սագօ (Արման Յովհաննիսեան) չի յաջողիր բանեցնել ինքնաշարժը, որ աւանի միակ միջոցն է  հասնելու քաղաք: Ապրուստի համար պայքարող դրացուհիին որդին Երեւան գացած է համալսարան ընդունուելու համար, բայց դրութիւնը անորոշ է: Նոյնիսկ եթէ յաջողի ընդունուիլ, ինչպէ՞ս պիտի…

Աքիրի համար ապրուստ վաստակելու միակ միջոցն է կարկանդակներ պատրաստել, դարսել ձեռնակառքի վրայ եւ վաճառելու համար տանիլ մօտակայ շուկայ, ուր գրեթէ բոլորը կը փորձեն բան մը վաճառել (տե՛ս որմազդը): Նման շուկաներու կարելի է յաճախ հանդիպիլ Հայաստանի մէջ: Ձմեռը մօտ է, Նազարոս կարիք ունի տաք կօշիկներու: Գումարը ապահովելու համար հարկ է վաճառել քանի մը հազար կարկանդակ…

Զուլալի հոգեպէս հաշմուած է, երբ իր աչքին առաջ մայրն ու երկու նորածին եղբայրները կորած են հրդեհի մէջ: Աղջնակը, որ դուրսը կը խաղար, կրնար փրկել անոնց կեանքը, եթէ կանուխ զգուշացնէր իր մայրը: Յանցանքի զգացումը կ՛երկփեղկէ Զուլալին: Մենք կը տեսնենք լուռ Զուլալի մը, որ անհաղորդ է շրջապատին հանդէպ: Կայ նաեւ երկրորդ ներքին Զուլալի մը, որ անդադար հաշուեյարդար կը կատարէ: Կը լսենք անոր յարատեւ մենախօսութիւնը (1):

Զուլալի գրաւիչ եւ անօգնական կին մըն է: Աւանի գիւղացիք չէին փորձեր պաշտպանել զայն, որովհետեւ չէին ակնկալեր, որ ոեւէ տղամարդ պիտի փորձէ մօտենալ անոր: Սակայն հեքիաթներու մէջ չարը միշտ ներկայ է: Ջաղացպանի երիտասարդ որդին կը բռնաբարէ Զուլալին (2): Հին հոգեխոցին կը բարդուի նորը:

Կը բարդուի նաեւ նոր յանցանքի զգացում: Ադաթը կը պահանջէր, որ Զուլալիին հայրը սպաննէ չարագործը: Բայց տղամարդը կը թերանայ, որովհետեւ ներքնօրէն Զուլալին պատասխանատու կը նկատէր իր երկուորեակ որդիներու կորուստին համար: Ապա իր տան մէջ կը ծնի թոռը, հիանալի տղեկ Նազարոսը: Յանցանքի զգացումը հետզհետէ կ՛աճի եւ կը յանգի անձնասպանութեան:

Անցեալի թողած անջնջելի շուքերը կը տեսնենք` սկսած բացման տեսարանէն (Տե՛ս կողքի նկարը): Զուլալի անընդհատ անցեալը կը թերթատէ:

Մենք չենք տեսներ որեւէ հեռատեսիլ կամ լրագիր, չենք լսեր որեւէ ձայնասփիւռ, չենք լսեր որեւէ խօսակցութիւն, որ մեզ տեղեկացնէր, թէ ի՛նչ կը պատահի աւանէն դուրս: Բեմադրիչը աղէտահար աւանին պատուհանները ամուր փակած է այնպէս, ինչպէս Աքիր ամուր փակած էր սգաւոր տան պատուհանները:

Լրատուական միջոցներու փոխարէն` աւանին մէջ կը գործէ գիւղի երիտասարդ արուեստագէտ Համոյի
համեստ միջոցներով պատրաստուած տիկնիկային-ստուերախաղի թատրոնը. տպաւորիչ է: Օրինակ` վիշապներու ռունգերէն ծուխ դուրս կու գայ, հաւանաբար` մեղուաբուծութեան սարքի մը օգնութեամբ (գովելի հնարամտութիւն): Քաղաքական իրադարձութիւններու փոխարէն, մենք կ՛իմանանք հիմնադրական եւ բարոյախօսական առասպելներ բարիի պայքարին մասին` չարին դէմ, թէ ինչպէս երկպառակութեան պատճառով խաթարուած երկինքի (տիեզերքի) հաւասարակշռութիւնը վերականգնուած է շնորհիւ եղբայրական սիրոյ …  Վերջինը վստահաբար ակնարկութիւն է Հայաստանի մէջ տիրող թունոտ քաղաքական մթնոլորտին:

Ժողովրդական հիւմըրը կը լսենք ամէնէն տառապահար կերպարներուն` Աքիրին եւ հարեւանուհի Դարիջանին կողմէ: Համոյի ելոյթներէն մէկուն ընթացքին Դարիջան միամիտ ձեւացնող Սագոյին «կը բացատրէ», թէ ինչո՛ւ հրեշտակներ կենտ թիւով թեւեր ունին: Ի հեճուկս դաժան պայմաններու, հայ կինը պահպանած է մտքի պայծառութիւնը: Ելոյթի աւարտին դժուարահաճ  Աքիր գեղագիտական ցուցմունքներ կու տայ Համոյին, որ ժպիտով կ՛ընդունի դիտողութիւնը:

Երաժշտական պարուհի խաղալիք մը կը դրդէ երազանք մը, ուր Զուլալի կ՛երեւակայէ, թէ կրկին աղջնակ մըն է: Մշուշի՞, թէ՞ հրդեհի մուխին ընդմէջէն կը յայտնուին մայրը եւ երկու նորածիններու սպիտակ սնարները: Մայրը սիրալիր է, եւ ոչ` մեղադրական: Տեսիլը կարելի է մեկնաբանել որպէս հաշուեփակ: Աքիր կը նկատէ Զուլալիի այլակերպուած վարմունքը եւ հարց կու տայ. «Զուլալի՛, մի տեղդ ցաւո՞ւմ ա»: Մինչ այդ անհաղորդ Զուլալի կ՛ընդունի հաղորդական դէմք եւ կ՛ըսէ. «Չէ՛, այլեւս ոչ մի տեղս չի ցաւում»: Այդ իր առաջին եւ վերջին երկխօսութիւնն է ժապաւէնի մէջ:

Ձեւով մը անկիւնադարձ է: Կ՛իմանանք, որ Դարիջանի որդին յաջողած է: Հնակարկատ Սագօ կօշիկներ կը բերէ Նազարոսի համար: Հարեւան մը Աքիրին գումար կու տայ թերեւս դատարկ փեթակներու դիմաց եւ կը խոստանայ մեղուի երկու «ընտանիք» տալ Նազարոսի (նոր սերունդին): Պազարի մէջ կին մը ծննդաբերութիւն կ՛ունենայ (նոր կեանք): Բակի ծորակէն կը սկսի ջուր հոսիլ: Կը թուի, թէ ոմն նորոգած է զայն…

Հուսկ բանք.- Նկարահանումը հիանալի է: Մարինէ Պետրոսեանին մարմնաւորած Աքիրը անմոռանալի է: Իր տարիքէն շատ աւելի հասուն խաղարկութիւն ցուցաբերած է բնիկ տաւուշցի Նազարոս-Արթուր Մելիքեանը: Երաժշտութիւնը մեծ խանդավառութեամբ յօրինած է տաղանդաւոր Տ. Մանսուրեանը:

Կեանքը տանելի կը դառնայ շնորհիւ ոչ թէ հոգատար իշխանութեան, այլ` համերաշխ մարդոց իրերօգնութեան: Քաղաքական եզրակացութիւնը կը ձգեմ ընթերցողին:

————–

  1. Հոգեկան երկփեղկումը կրնայ գիտական առումով հիմնաւորուած ըլլալ կամ չըլլալ, բայց այդ էական չէ ժապաւէնի ընկալումին համար:
  2. Ինչպէ՞ս կարելի է, որ խաւաքարտով շինուած հեքիաթային ջաղացքը ունենայ ջաղացպան:

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ ( 5 Նոյեմբեր 2022)

Յաջորդը

Թուրքիոյ Եւ Ազրպէյճանի Նախագահները Կը Կիսեն 2020-ի Արցախեան Պատերազմին Իրենց Թալանածը

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Յարադիր Էակներու Կայարանը

November 3, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առաքինի Գողը

October 16, 2026
Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Արուեստ - Մշակոյթ

Առակ «Յետտրամաթիքական» Թատրոնի Շուրջ

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.