Մոսկուան իրեն իրաւունք կը վերապահէ դուրս գալու հացահատիկային համաձայնութիւններէն, եթէ Քիեւ խախտէ մարդասիրական միջանցքը զինուորական նպատակներով չօգտագործելու խոստումները: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդին հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին:
Ան բացատրած է, որ Ուքրանիան երաշխիքներ տուած է, որ հացահատիկի միջանցքը զինուորական նպատակներով պիտի չօգտագործուի:
«Այդ առնչութեամբ ես յանձնարարական տուած եմ պաշտպանութեան նախարարութեան` վերսկսած մեր այդ աշխատանքներուն լիարժէք մասնակցութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ Ռուսիան իրեն իրաւունք կը վերապահէ դուրս գալու համաձայնութիւններէն, եթէ այդ երաշխիքները Ուքրանիոյ կողմէ խախտուին», ընդգծած է Փութին:
Ռուսիոյ ղեկավարը ուշադրութեան հրաւիրած է այն փաստի վրայ, որ ի սկզբանէ հացահատիկային գործարքի նպատակը եղած է օգնել աշխարհի ամէնէն աղքատ երկիրները, ատոր համար ստեղծուած է Ուքրանիոյ կողմէ վերահսկուող սեւծովեան նաւահանգիստներէն հացահատիկի արտածման մեքանիզմ:
«Բոլորը գիտեն, որ, ցաւօք, Ուքրանիան օգտագործեց այս մարդասիրական միջանցքը` փորձելով հարուածներ հասցնել Ռուսիոյ Սեւծովեան նաւատորմիղին: Այդ առնչութեամբ մենք որոշեցինք դադրեցնել հացահատիկի արտածման մեր մասնակցութիւնը», ստեղծուած կացութիւնը նկարագրած է Ռուսիոյ նախագահը:
Անոր համաձայն, Մոսկուան Քիեւէն պահանջած է «հաւաստումներ եւ երաշխիքներ, որ ապագային նման բան տեղի պիտի չունենայ, որ մարդասիրական միջանցքները զինուորական նպատակներով պիտի չօգտագործուին»:
Թուրքիան միջնորդութիւն կատարած է այս կացութեան յստակացման համար:
«Պաշտպանութեան նախարարութեան միջոցով թրքական կողմէն տեղեկութիւն ստացուած է, որ Ուքրանիան նման երաշխիքներ տուած է, որ այդ մարդասիրական միջանցքները պիտի չօգտագործուին զինուորական նպատակներով», ըսած է Փութին` խօսելով Ռուսիոյ գործարքին վերադարձի մասին:
Ան աւելցուցած է, որ Ռուսիան, եթէ նոյնիսկ դուրս գայ հացահատիկային գործարքէն, պատրաստ է հացահատիկ մատակարարելու ամէնէն աղքատ երկիրներուն:
Փութին յատուկ շեշտած է, որ հացահատիկային գործարքը իրականացուած է ամէնէն աղքատ երկիրներու պարենային անվտանգութեան շահերը ապահովելու պատրուակով, սակայն Ուքրանիոյ տարածքէն հացահատիկի միայն 4 առ հարիւրը անոնց մատակարարուած է: «Մնացեալը` հիմնականին մէջ 46 առ հարիւրը, գացած է Եւրոպական Միութեան երկիրներ», յայտարարած է Փութին:
Ան նաեւ վստահեցուցած է, որ Ռուսիան հետագային պիտի չմիջամտէ Ուքրանիայէն Թուրքիա հացահատիկի մատակարարման: «Մենք ապագային պիտի չմիջամտենք, ոչ մէկ պարագայի, Ուքրանիոյ տարածքէն հացահատիկի Թուրքիոյ Հանրապետութիւն մատակարարման, ես նկատի ունիմ ընդհանուր առմամբ տագնապին մէջ Թուրքիոյ չէզոքութիւնը, նկատի ունիմ հացահատիկի վերամշակման արդիւնաբերութեան կարելիութիւնները: Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը եւ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ջանքերը` ապահովելու ամէնէն աղքատ երկիրներու շահերը», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:
«Այստեղ մենք կասկածներ չունինք եւ ամէն պարագայի պիտի շարունակենք համագործակցիլ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հետ», եզրափակած է Փութին:


