
Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի կը յայտնէ, որ Ֆրանսայի մէջ բնակող օտարերկրացիները չափէն աւելի շատ են եւ «անոնց համարկման հարցով զբաղող համակարգը չափազանց վատ կ՛աշխատի»:
Պատկերասփռուած բանավէճի մը ժամանակ ան դարձեալ յայտարարած է, որ նախագահ վերընտրուելու պարագային կիսով չափ պիտի կրճատէ երկիր նոր ժամանողներու թիւը: Սարքոզին, որուն հայրը հունգարացի ներգաղթեալ է, յայտարարած է, որ թէեւ ներգաղթը կրնայ նպաստել երկրի զարգացման, սակայն անիկա պէտք է խստիւ վերահսկուի:
Սարքոզի 22 ապրիլին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան ընթացքին պիտի պայքարի Ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավար Ֆրանսուա Հոլլանտի դէմ, որ ըստ հարցախոյզներուն, Սարքոզիի նկատմամբ առաւելութիւն ունի:


