Իսրայէլեան խորհրդարանական ընտրութիւններու քուէներու 97 առ հարիւրի արդիւնքներուն համաձայն, «Լիքուտ» կուսակցութեան ղեկավար, նախկին վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ապահոված է Քնեսեթի 120 աթոռներէն 65-ը:
Ըստ գրեթէ վերջնական արդիւնքներուն, անոր ղեկավարած «Լիքուտ»-ը ապահոված է 31 աթոռ, իսկ կուսակցութեան բնական դաշնակիցները` 65, մինչ Իսրայէլի գործող վարչապետ Եայիր Լափիտի գլխաւորած դաշինքը` 50:
Նեթանիահուի «Լիքուտ»-ը, Հրէական ազգայնական կրօնական սիոնականութիւն-Հրէական ուժ դաշինքը, Շասը եւ Միացեալ Թորա Հրէութիւնը հաւանաբար կազմեն Իսրայէլի պատմութեան մէջ ամէնէն աջակողմեան կառավարութիւնը: Նշենք, որ Հրէական ազգայնական կրօնական սիոնականութիւն-Հրէական ուժ դաշինքի ղեկավարներու շարքին է Իթամար Պեն Կվիրը, որուն դէմ ատենօք ցեղապաշտութիւն հրահրելու եւ ահաբեկչութեան զօրակցելու մեղադրանքով դատավճիռ արձակուած է: Արաբական դաշինքը ապահովեց 5 աթոռ:
Իսրայէլի խորհրդարանական ընտրութիւններու մասնակցութեան համեմատութիւնը 71,3 առ հարիւր էր, ինչ, որ ըստ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին, 2015 թուականէն ի վեր բարձրագոյնն է:


