Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի 5-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Ռիատի Պէյրութ, որ Մանարայի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Տինամօ Լուպնանը, անկէ կրեց 83-76 արդիւնքով պարտութիւն մը (15-19, 15-14, 20-35 եւ 26-15):
Ինչպէս նկատելի է, մրցումին անկիւնադարձային բաժինը եղաւ երրորդ քորթըրը, որուն ընթացքին հիւր կազմը 15 կէտ աւելի նշանակեց:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տինամոյէն Ահմետ Իպրահիմ (32 կէտ):
Անոր խմբակից Զեք Լոֆթըն նշանակեց 24 կէտ, մինչ Իպրահիմա Թոմաս տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (13 կէտ, 11 ռիպաունտ):
Ռիատիէն բացակայ էին Ժան Ապտելնուր, Ամիր Սէուտ եւ Ուաէլ Արաքժի:
Նշենք, որ այս պարտութիւնը Ռիատիի համար եղաւ տարեշրջանի առաջինը:
Ախոյեանութեան մրցումները մինչեւ 17 նոյեմբեր դադար պիտի առնեն` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը մրցումներ ունի կատարելիք Նոր Զելանտայի եւ Հնդկաստանի դէմ` աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ (10 եւ 13 նոյեմբեր):


