Փարիզ Սեն Ժերմենի մաս կազմող արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, որ նախանցեալ օր Մաքապի Հայֆայի դէմ տեղի ունեցած «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 5-րդ հանգրուանի մրցումին իր կազմին հետ արձանագրեց 7-2 արդիւնքով յաղթանակ մը, դարձաւ մրցանշակիր:
Մեսսի դարձաւ այս մրցաշարքի պատմութեան մէջ ամէնէն տարիքոտ ֆութպոլիստը, որ մրցումի մը ընթացքին նշանակեց երկու կոլ եւ կատարեց երկու էսիսթ:
Մեսսի 35 տարեկան եւ 123 օրական էր վերոնշեալ մրցումին ընթացքին:
Ապահովելով մրցաշարքի իր 11-րդ կէտը, այսպիսով Փարիզ Սեն Ժերմեն ապահովեց Բ. հանգրուանի` փլէյ օֆի մրցումներու իր տոմսը:


