Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան, որ նախանցեալ օր Պրաթիսլաւայի մէջ հիւրը եղաւ Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեան Սլովանին, անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Նշենք, որ այս մրցումը կ՛իյնայ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Եուրոփա-Քոնֆըրընս-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Ը. խմբակի 5-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Մրցումին 64-րդ վայրկեանին, թէեւ մոլտովացի միջնապահ Եւկենի Քոչուք փենալթիով նշանակեց Փիւնիկի եւ մրցումին առաջին կոլը, սակայն հիւրընկալ կազմը պատասխանեց երկու անգամ` 84-րդ եւ 85-րդ վայրկեաններուն եւ տարաւ վերջնական յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Սլովան 8 կէտով գրաւեց խմբակին պարագլուխի դիրքը` իր ունեցած կոլ էվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով Պալը:
Հայրենի կազմը ունի 6 կէտ, իսկ Զալիրիս` 5 կէտ:
6-րդ եւ վերջին հանգրուանին, Փիւնիկ, որ յառաջիկայ 3 նոյեմբերին պիտի հիւրընկալէ զուիցերիական Պալը, յաղթանակի մը պարագային պիտի ապահովէ փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը:


