Եւրոպական Միութիւնը լիայոյս է, որ դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը կարեւոր քայլ է եւ կարելիութիւն պիտի տայ նուազեցնելու սահմանին վրայ լարուածութիւնը: «1լուրեր» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար Անտրէա Վիքթորին:
Դեսպանը կարեւոր նկատած է Հայաստանի իշխանութեան գործակցութիւնը եւ անհրաժեշտ աջակցութիւնը Եւրոպական Միութեան թեքնիք գնահատման առաքելութեան:
Վիքթորին յայտնած է. «Հայաստանի իշխանութիւնները ո՛չ միայն ողջունեցին դիտորդական առաքելութեան ժամանումը, այլ նաեւ անհրաժեշտ աջակցութիւն կը տրամադրեն գործունէութիւնը իրականացնելու համար: Այնպէս որ, աշխատանքը սկսած է:
«Դիտորդներու գործունէութեան նպատակն է զեկուցումներ ներկայացնել գլխամասեր: Եւրոպական Միութեան կողմէ դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը եւս կարեւոր քայլ է: Մենք լիայոյս ենք, որ ասիկա կարելիութիւն պիտի տայ թեթեւցնելու սահմաններուն վրայ լարուածութիւնը, պիտի իրականացնէ վստահութեան զարգացման գործառոյթներ, որոնք հետագային աւելի սահուն պիտի դարձնեն խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան հոլովոյթը»:


