Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիան կը զինեն ծանր սպառազինութեամբ` միեւնոյն ժամանակ անտեսելով հիւլէական զէնք ձեռք բերելու Քիեւի ցանկութիւնը:
Ան ընդգծած է, որ Ռուսիան տեղեակ է «կեղտոտ ռումբ» (ցած թողունակութեամբ հիւլէական զէնք) կիրարկելու ուքրանական կողմի մտադրութեան մասին: Այս մասին հաղորդեց «Քոմերսանթ»-ը:
«Այժմ անոնք զէնք կու տան, ներառեալ ծանր, կ՛անտեսեն Քիեւի վարչակարգի հիւլէական զէնք ստանալու ցանկութեան մասին յայտարարութիւնները: Ի վերջոյ, այս մասին Քիեւի իշխանութիւնները հրապարակաւ ըսած են, սակայն բոլորը կը լռեն: Յայտնի է նաեւ այսպէս կոչուած «կեղտոտ ռումբ»-ը սադրանքներու համար օգտագործելու ծրագիրներու մասին», ըսած է Քրեմլինի ղեկավարը` ԱՊՀ-ի երկիրներու անվտանգութեան մարմիններու եւ հետախուզական ծառայութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին:
Ան նաեւ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ տարածքը վերածած են «զինուորական կենսաբանական փորձարկումներու փորձադաշտի», իսկ Ուքրանիան կորսնցուցած է իր գերիշխանութիւնը:
«Կեղտոտ ռումբ»-ը շողարձակ զէնքի պարզ տարբերակ է: Ռումբին պատճառած հիմնական վնասը ոչ թէ պայթումի, այլ շողարձակ նիւթի տարածման պատճառով է: Փորձագէտները «կեղտոտ ռումբ»-ի տեսակներէն մէկը կը նկատեն շողարձակ նիւթերու օգտագործումով ոչ հիւլէական ռումբեր պայթեցնելը:
Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն հեռաձայնային հարցազրոյցներ ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Թուրքիոյ եւ Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարներուն հետ` խօսելով Ուքրանիոյ կողմէ «կեղտոտ ռումբ»-ի օգտագործումով հաւանական սադրանքներու մասին:
Մինչ այդ, ռուսական «Նիուզ» կայքը հաղորդեց, որ Շոյկու երէկ յայտարարած է, որ Փութինի ղեկավարութեամբ Ռազմավարական հրթիռային ուժերը վարժանքներ կը կատարեն` ի պատասխան թշնամիի հիւլէական հարուածին զանգուածային հիւլէական հարուած հասցնելու համար:
Քրեմլին իր կարգին յայտնած է, որ տեղի ունեցած է ցամաքային, ծովային եւ օդային ռազմավարական զսպման ուժերու մարզում, որուն ընթացքին տեղի ունեցած են միջցամաքամասային եւ թեւաւոր հրթիռներու գործնական արձակումներ: Բոլոր թիրախները խոցուած են:
Համացանցի վրայ հրապարակուած են ռուսական ռազմավարական ուժերու վարժանքէն «Եարս» միջցամաքային թեւաւոր հրթիռի արձակման տեսարանները: Բացի ատկէ, Ռուսիոյ զինեալ ուժերը ցուցադրած են Պարենցի ծովուն մէջ գտնուող սուզանաւէ «Սինեւա» թեւաւոր հրթիռի արձակումը:


