Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան Կրնայ Բաւարարել Ազրպէյճանի Պաշտպանական Կարիքները» Կ՛ըսէ Աքար

October 27, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ օր Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած է պաշտպանական, օդանաւային եւ տիեզերական ճարտարագիտութեան արտադրութեան «ՍԱՀԱ ԷՔՍՓՕ-2022» միջազգային ցուցահանդէսը, որուն բացման ընթացքին Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ շրջանին եւ աշխարհի մէջ կայունութիւն ապահովող երկրի վերածուելու գրաւականներէն մէկը այն է, որ Թուրքիան կրցած է ազգային պաշտպանական արդիւնաբերութիւն զարգացնել: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

«Մենք արդէն դարձած ենք երկիր մը, որ կ՛արտադրէ սպառազինութիւն, անօդաչու թռչող սարքեր, ուղղաթիռներ, հրթիռներ եւ նաւեր: Ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցի մէջ պիտի սկսինք նաեւ արտադրել մեր սեփական հալածիչ-օդանաւերն ու հրասայլերը: Բարեբախտաբար, մենք ի զօրու ենք բաւարարել բարեկամական երկիրներու, Հիւսիսային Կիպրոսի, Ազրպէյճանի եւ Լիպիոյ պաշտպանական կարիքները», յայտարարած է Աքար:

Կ՛ենթադրուի, որ պաշտպանական նշանակութեան թրքական արտադրութեան արտածման ծաւալը այս տարի պիտի հասնի 4 միլիառ տոլարի:

Պոլսոյ մէջ բացուած ցուցահանդէսին ներկայ եղած է նաեւ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով: Ան ըսած է, որ ազրպէյճանական բանակը հետաքրքրուած է «ՍԱՀԱ ԷՔՍՓՕ»-ի մէջ ցուցադրուող զինատեսակներով: Զաքիր Հասանովի համաձայն, արդէն կնքուած են շարք մը գործարքներ: Ըստ Հասանովի, Ազրպէյճան կը կիրարկէ բանակաշինութեան թրքական բնորդը:

Պոլսոյ մէջ հանդիպած են Թուրքիոյ ռազմարդիւնաբերական համալիրի ղեկավար Իսմայիլ Տեմիրն ու Ազրպէյճանի պաշտպանական արդիւնաբերութեան նախարար Մատաթ Կուլիեւը:

Նախորդը

Յաջորդը

ԱՊՀ-ի Մէջ Օտարերկրեայ Հասարակական Կազմակերպութիւններու` Շրջանին Մէջ Կացութեան Ապակայունացման Փորձերը Դիմակայելու Միջոցներ Կը Ստեղծուին

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
Թրամփ-Շի Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Շի Հանդիպում

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.