Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան երէկ մեկնեցաւ Պրաթիսլաւա (Սլովաքիա), ուր պիտի մրցի դաշտին տիրոջ` Սլովաքիոյ ախոյեան Սլովանի դէմ, «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի 5-րդ եւ նախավերջին հանգրուանին ծիրին մէջ (Ը. խմբակ):
Երկու կազմերուն միջեւ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ վաղը` հինգշաբթի, 27 հոկտեմբերին, եւ անոր մեկնարկը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Երթի մրցումին, հայրենի կազմը Երեւանի մէջ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
4-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Պալ կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը` 7 կէտով: Փիւնիկ երկրորդ է` 6 կէտով, Սլովան` երրորդ (5 կէտով), մինչ վերջին դիրքը 4 կէտով կը գրաւէ Զալկիրիս:


