Անգլիական Ասթոն Վիլլայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ սպանացի մասնագէտ` Ունայ Էմերի նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ` հեռանալով սպանական Վիարէալէն:
Նշենք, որ Ասթոն Վիլլա նախորդ շաբաթավերջին պաշտօնանկ ըրաւ Սթիվըն Ժերարը:
Էմերի, նախորդ տարեշրջանին, Վիարէալի հետ տիրացաւ «Եուրոփա Լիկ»-ի տիտղոսին: Ան նոյն այս տիտղոսը երեք անգամ շահած է նաեւ Սեւիլլայի հետ:
50 տարեկան Էմերի, եղած է նաեւ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիչ:
Ներկայիս Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 12-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ասթոն Վիլլա 12 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 15-րդ դիրքը:


