Արժանթինի Վիչենթէ Լոփեզ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի միջազգային մրցաշարք մը` «Ապերթօ Ինթերնասիոնալ Փրօ Ամ 100 Անոս ՖԱՏԱ» անունին տակ:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 173 ճատրակ խաղացողներ, որոնցմէ 20-ը` մեծ վարպետներ:
Պրազիլահայ Գրիգոր Սեւակ Մխիթարեան, որ իր կարգին այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ, ապահովեց 7 կէտ` արձանագրելով 6 յաղթանակ, 2 հաւասարութիւն եւ կրելով պարտութիւն մը միայն:
Ան հանդիսացաւ երկրորդ` կէս կէտով միայն ետ մնալով տիտղոսին տիրացած փարակուէյցի Աքսել Պաքմանէն:


