Իրլանտայի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի հաւաքականը, որ մրցեցաւ Իրլանտայի իր հասակակիցներուն դէմ, կրեց 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը (կիսախաղ` 0-0):
Իրլանտա իր կոլերը նշանակեց 51-րդ, 78-րդ, 81-րդ (փենալթիով) եւ 86-րդ վայրկեաններուն:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Վահէ Յարութիւնեան:


