Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող պելճիքացի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա վերսկսաւ իր փորձերուն` իտալացի Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորած կազմին ընդհանուր խումբին հետ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը:
Շատ հաւանական է, որ ան իր մասնակցութիւնը բերէ այսօր` շաբաթ, 22 հոկտեմբերին, Սեւիլլայի դէմ տեղի ունենալիք Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 11-րդ հանգրուանի մրցումին:
Քուրթուա վիրաւոր ըլլալով այս ամսուան սկիզբէն բացակայ է ֆութպոլի դաշտերէն:
Ընթացիկ տարեշրջանին ան ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 6 մրցումի` իր բերդին մէջ ստանալով 6 կոլ:


