Ուքրանիոյ նախագահի խորհրդական Ալեքսէյ Արեսթովիչ յայտարարած է, որ Քիեւը ապագային «վրացիները փրկելէ» բացի պիտի փրկէ նաեւ «Հայաստանը եւ Մոլտովան»: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Մենք պէտք է փրկենք վրացիները: Փրկենք Մոլտովան, Հայաստանը: Բոլորը փրկենք: Ասիկա լաւ պատմութիւն է, որովհետեւ մեր միլիոնաւոր տղոց եւ աղջիկներուն համար, որոնք պատերազմած են, մօտիկ ապագային յետխորհրդային տարածքին մէջ միշտ աշխատանք պիտի գտնուի», յայտարարած է ուքրանացի պաշտօնատարը` աւելցնելով, որ նկատի ունի «խաղաղապահներ, կայունացնող գործողութիւններ, մարդասիրական գործողութիւն»:
Արեսթովիչ անգամ մը եւս անդրադառնալով Վրաստանին` այդ երկրի կառավարութիւնը կոչած է «ռուսամէտ, որ ունակ չէ որոշումներ տալու, որ ոչնչացուցած է այն ամէնը, ինչ որ Սահակաշվիլին ստեղծած է»:
Ուքրանիոյ նախագահի խորհրդականի, ինչպէս նաեւ ուքրանացի այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու շարք մը յայտարարութիւններ կարծր արձագանգ յարուցած են Վրաստանի քաղաքական դաշտին մէջ: Մասնաւորաբար` Արեսթովիչ անցեալ շաբաթներուն յայտարարած էր, թէ Վրաստանը «պատմական կարելիութիւն ունի գրաւելու Աբխազեան եւ Հարաւային Օսեթիան», եւ որ Վրաստանի իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը վրացի ժողովուրդը պիտի գնահատէ ընտրութիւններու ընթացքին:


