Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոլիպա Լափիտէն Իսրայէլեան Հակաօդային Պաշտպանութեան Համակարգեր ու Ճարտարագիտութիւն Կը Խնդրէ

October 22, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քոլիպա յայտարարեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Եայիր Լափիտի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին խօսած է Քիեւի իսրայէլեան հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր ու ճարտարագիտութիւն ստանալու խնդրանքին մասին:

Քոլիպա ընկերային ցանցի վրայ գրած է. «Զինք տեղեակ պահեցի ռուսական հրթիռներուն եւ իրանեան անօդաչու թռչող սարքերու պատճառով աննկարագրելի տառապանքէն, կեանքերու կորուստէն ու քանդումէն»:

Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը հաղորդեց, որ Լափիտ Քոլիպային ըսած է, որ Իսրայէլ Ուքրանիոյ կը զօրակցի, եւ Իրանի ու Ռուսիոյ միջեւ զինուորական գործակցութեան նկատմամբ «խոր մտահոգութիւն» յայտնած է:

Լափիտ իսրայէլեան «Առ.Թի.Վի.Այ.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած էր. «Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնը վտանգաւոր խնդիր է ո՛չ միայն Իսրայէլի, այլ նաեւ Ուքրանիոյ, Եւրոպայի եւ ամբողջ աշխարհի համար»:

Քիեւ 2 օր առաջ Թել Աւիւին յղած էր պատգամ մը եւ պաշտօնապէս հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր խնդրած` «դիմակայելու համար Ռուսիոյ` Իրանի արտադրած անօդաչու թռչող սարքերով ու թեւաւոր հրթիռներով կատարած յարձակումները»:

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց անցեալ երեքշաբթի յայտարարած էր. «Իսրայէլ Ուքրանիոյ զէնք պիտի չծախէ»:

Ռուսիոյ ազգային անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ երկուշաբթի օր նշած էր. «Իսրայէլ, ըստ երեւոյթին, կը պատրաստուի Ուքրանիոյ զէնք մատակարարելու»` շեշտելով, որ ատիկա «շատ անխոհեմ քայլ մըն է, որ պիտի քանդէ Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ բոլոր երկկողմանի յարաբերութիւնները»:

 

Նախորդը

Ապտոլլահեան. «Հայաստանի Անվտանգութիւնը Կը Նկատենք Իրանի Անվտանգութիւնը»

Յաջորդը

Խերսոնի Շրջանին Մէջ Տնեփր Գետը Անցնելու Ընթացքին Ուքրանական Հրթիռային Հարուածէն 4 Մարդ Զոհուած Է

RelatedPosts

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ Որոշում Մը Պիտի Տամ»

October 5, 2026
Պաղայի. «Ֆլայտուպայ»-ի Թռիչքի Առնչուած  Միջադէպը Իրանը Կամ Շրջանի Այլ Երկիրները  Մեղադրելու Ծրագրուած Անյաջող Փորձ Էր»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Ֆլայտուպայ»-ի Թռիչքի Առնչուած Միջադէպը Իրանը Կամ Շրջանի Այլ Երկիրները Մեղադրելու Ծրագրուած Անյաջող Փորձ Էր»

October 5, 2026
Քոպախիծէ. «Չենք Կարծեր, Որ ԹՐԻՓՓ-ը  Կրնայ Էական Խնդիրներ Ստեղծել Վրաստանէն  Անցնող Աւանդական Երթուղիներուն Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Քոպախիծէ. «Չենք Կարծեր, Որ ԹՐԻՓՓ-ը Կրնայ Էական Խնդիրներ Ստեղծել Վրաստանէն Անցնող Աւանդական Երթուղիներուն Համար»

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.