Այսօր, Ազրպէյճանն ու Իրանը սկսած են սահմանին վրայ կառուցումը կամուրջներու, որոնք երկու երկիրներու ճամբաները պիտի կապեն եւ ապահովեն ամէնէն կարճ ու յարմար տեղաշարժը Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք:
Ան նշած է, որ Մեղրիէն անցնող երկաթուղային եւ ինքնաշարժի ճամբաներու կառուցումը կախեալ է Հայաստանի դիրքորոշումէն` աւելցնելով, որ միեւնոյն ժամանակ Իրանէն անցնող, Հայաստանը շրջանցող ինքնաշարժային ճամբու կառուցումը արդէն յաջորդ տարի պատրաստ պիտի ըլլայ:
«Հայաստանի կամ Իրանի տարածքէն Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի միջեւ փոխադրամիջոցային կապի բացումը յատուկ դեր պիտի խաղայ Հիւսիս-հարաւ եւ Արեւելք-Արեւմուտք հիմնական միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքներու խաչմերուկի ձեւաւորման գործին մէջ», յայտարարած է Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման հարցերով եռակողմ յանձնախումբի ռուս համանախագահը` խօսք արտասանելով Մոսկուայի մէջ կազմակերպուած «Արտադրուած է Ռուսիոյ մէջ» խորհրդաժողովին:
«Այսօր իսկ Հարաւային Կովկասի մէջ կը ձեւաւորուի «Հիւսիս-հարաւ» եւ «Արեւելք-Արեւմուտք» հիմնական միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքներու խաչմերուկը: Եթէ անիկա ստեղծուի, Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Վրաստանի տնտեսութիւնները պիտի սկսին լրացուցիչ վարձավճար ստանալ` կապուած Եւրասիոյ մէջ իրենց աշխարհագրական դիրքի առաւելութեան հետ», ըսած է Ռուսիոյ փոխվարչապետը:


