Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ. Ճորճ Պուչիքեան Այցելեց Նորաստեղծ Աշխատանքները Ընդգրկող Ձեռնարկութիւնը

October 21, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Ճորճ Պուչիքեան` շարունակելով Ֆրանսա կատարած իր աշխատանքային այցելութիւնը, այցելեց Փարիզի մէջ գտնուող նորաստեղծ աշխատանքներ ընդգրկող ձեռնարկութիւնը` «Սթասիոն Էֆ», որ Եւրոպայի մեծագոյն եւ կարեւորագոյն ձեռնարկութիւնն է:

Ճ. Պուչիքեան սերտեց անոր օրէնքներն ու զայն տնօրինելու միջոցները, ինչպէս նաեւ պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ գործակցութեան կարելիութիւնները` ձեռնարկութեան աշխատանքը բարելաւելու նպատակով:

Պուչիքեան սերտեց նաեւ այդ ձեռնարկութեան կողմէ երիտասարդներուն նիւթաբարոյական զօրակցութիւն ապահովելու կարելիութիւնները, որպէսզի անոնք քաջալերուին եւ առիթ ունենան իրենց ծրագիրները սկսելու եւ արտադրութիւնները կամ ստեղծագործութիւնները շուկայադրելու եւ վաճառելու:

Ճ. Պուչիքեան բարձր գնահատեց Ֆրանսայի կառավարութեան մօտեցումը` նկատի ունենալով, որ կառավարութիւնը նեցուկ կանգնած է կատարուող հետազօտութիւններուն եւ նպաստած բարգաւաճումին` նուազեցնելով տուրքերը, որպէսզի գործարարներն ու գործարանատէրերը աշխատանքի եւ աշխատակազմի ընդարձակման դիւրութիւններ ունենան, հետեւաբար նաեւ աւելի ընդարձակեն իրենց գործարարութիւնը:

Ճ. Պուչիքեան հաստատեց, որ համալսարաններն ու գիտական հաստատութիւնները, ինչպէս` «Պերիթեք»-ը, կը շարունակեն իրենց աշխատանքը: Ան նկատել տուաւ, որ Ճարտարարուեստի հետազօտութիւններու հիմնարկն ու Ճարտարարուեստի արդիականացման լիբանանեան-եւրոպական կեդրոնը` «Էլսիմ», ինչպէս նաեւ արհեստագիտութեան բարգաւաճման եւ մաքուր արտադրութեան լիբանանեան կեդրոնը` «Սէ.Ի.Թէ.», կը ծառայեն ճարտարարուեստի բարգաւաճման: Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան կողմերուն օգտուելու ճարտարարուեստի մարզին մէջ ֆրանսական ծառայութիւններէն, հետազօտութիւններէն եւ փորձառութիւններէն:

 

 

Նախորդը

Ֆրենժիէ Ուահապի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Մաուլաուի. «Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ 165 Քկ Քեփթակոն Դեղահատ Գրաւեցինք Եւ Ձերբակալեցինք Գլխաւոր Յանցագործը»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.