Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Ռուսիոյ միացած ուքրանական չորս շրջանները կը գտնուին Ռուսիոյ հիւլէական զինանոցի պաշտպանութեան տակ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Պատասխանելով լրագրողներու այն հարցումին, թէ արդեօք այդ շրջանները կը գտնուի՞ն Մոսկուայի հիւլէական հովանիին տակ, Ռուսիոյ նախագահի բանբերը ըսած է. «Այդ բոլոր տարածքները Ռուսիոյ դաշնակցութեան անբաժանելի մասն են եւ անոնք բոլորը պաշտպանուած են: Անոնց անվտանգութիւնը կ՛ապահովուի նոյն մակարդակի վրայ, ինչպէս Ռուսիոյ բոլոր տարածքները»:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին անցեալ ամիս յայտարարած էր, որ Մոսկուան պատրաստ է հիւլէական զէնք օգտագործելու, եթէ անհրաժեշտ ըլլայ պաշտպանել Ռուսիոյ «տարածքային ամբողջականութիւնը»:
Քրեմլինի ղեկավարը նաեւ յայտնած էր, որ Ռուսիոյ միացած ուքրանական տարածքները «ընդմիշտ» Ռուսիոյ մաս պիտի դառնան:


