Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Միքաթի. «Լիբանանը Յառաջդիմած Երկրի Մը Վերածելու Իմաստով Մեր Ձգտումները Կը Մնան Անփոփոխ»

October 19, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ հովանաւորեց «Լիբանանի մէջ թուայնացման ազգային ռազմավարութեան մեկնարկի խորհրդաժողով. 2020-2030» խորագիրը կրող հանդիպումը, որուն ընթացքին շեշտեց, որ իրենք իրենց ընտրանքներուն մէջ հաստատուն կը մնան եւ նպատակադրած են լիբանանցիները ապահով ափ մը հասցնել, ինչպէս նաեւ երկիրը փրկել սուր տագնապներէն:

Միքաթի յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերը երկրին ու քաղաքացիներուն համար ըլլան խեղդող տագնապներէն ձերբազատելու օրեր, եւ կարելի ըլլայ սկսելու փրկութեան այն գործողութիւնը, որուն արժանի են Լիբանանն ու լիբանանցիները:

Միքաթի ընդգծեց, որ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելէ ի վեր Լիբանանի մէջ բարեկարգումներ որդեգրելու հիմքերէն չէ շեղած եւ ամէն ջանք ի գործ դրած է որդեգրելու այնպիսի ծրագիրներ, որոնք կը միտին պետական մարզի վարչութիւններուն զօրակցիլ, որպէսզի անոնք կարենան իրենց դերակատարութիւնը լիովին կատարել:

Միքաթի յայտնեց, որ թուայնացումի նախաձեռնութիւնը կառավարութեան առաջնահերթութիւնը եղած է, որովհետեւ անիկա անկիւնադարձ մը կը նկատուի Լիբանանի յառաջդիմութեան առումով, ինչպէս նաեւ կը համընկնի փտածութեան դէմ պայքարի ռազմավարութեան:

Վարչապետ Միքաթի շնորհաւորեց վարչական բարեկարգումի պետական նախարարի պաշտօնակատար Նաժլա Ռիաշին, որ արհեստավարժութեամբ եւ նուիրումով աշխատեցաւ վաւերացնելու համար ազգային մակարդակով թուայնացումի ռազմավարութիւնը, որուն մշակումին համար տարիներու աշխատանք իրագործուած էր:

Ան հաստատեց, որ այդ ռազմավարութիւնը իրականացած երազ մըն է:

Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան յառաջդիմած երկրի մը վերածելու իմաստով իրենց ձգտումը կը մնայ անփոփոխ: «Լիբանանցիները լաւագոյն ծառայութեան արժանի են», նշեց վարչապետ Միքաթի:

Նախորդը

Ֆայեատ Եգիպտացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Բնական Կազը Լիբանան Հասցնելու Կարելիութիւնը

Յաջորդը

Փարիզի Մէջ. «Լիբանանեան-Եւրոպական Գործընկերութիւնը Լիբանանցի Գործարարներուն Դիմաց Շուկաները Կը Բանայ» Շեշտեց Ճորճ Պուչիքեան

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.