Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սփիւռքի Նախարար. «Հայ Կնոջ Մեծագոյն Առաքինութիւնը Ինքնազոհութեան Բացառիկ Կարողութիւնն Է»

March 7, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիներու միջազգային օրուան առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան երէկ հայ կիներուն ուղղեց շնորհաւորական խօսք մը, որուն ամբողջութիւնը կու տանք ստորեւ:

Սիրելի՛ մայրեր, քոյրեր, տատիկներ, գեղանի աղջնակներ, սփիւռքահայ իմ հայրենակիցներ,

ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ բոլորիս գարնանային այս գեղեցիկ տօնին` 8 մարտին եւ հայ կիներու միամսեակին առիթով:

Ուրախ եմ, որ ամբողջ աշխարհի մէջ միայն հայոց պետութիւնն է, որ կարելիութիւն ստեղծած է տօնացոյցին մէջ ամրագրելու կնոջ ու մօր նուիրուած պետական երկու տօն, մէկ ամիս շարունակ գովերգելու, մեծարելու աւանդութեան վերածելու. թէեւ կինը իր բնութեամբ, իր դերով արժանի է ամէնօրեայ խոնարհումի:

Կինը բնութեան գլուխ գործոցն է: Անոր մէջ կ՛ապրին սէրն ու բարութիւնը, հմայքն ու առաքինութիւնը, նրբութիւնն ու նազանքը, միեւնոյն ժամանակ` ուժն ու ամրութիւնը:

Հայ կնոջ մեծագոյն առաքինութիւնը ինքնազոհութեան բացառիկ կարողութիւնն է` յանուն իր զաւակներուն, ամուսնոյն եւ ընտանիքին:

Հոգիդ հպարտութեամբ կը լեցուի, երբ կը տեսնես, որ գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, հասարակական ապահովութեան ոլորտներուն մէջ կը գերակշռեն խելացի, կազմակերպուած եւ տաղանդաւոր կիներ:

Պէտք է նշեմ, որ այսօր հայկական աշխարհին մէջ հայ կինը արժանացած է գնահատանքի. ան ամէն տեղ է եւ հայ տղամարդուն հաւասար` կը փորձէ իր առաւելագոյնը մատուցել ազգին, ժողովուրդին, պետութեան: Վստահ եմ, որ հետզհետէ աւելի մեծ թիւով կիներ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն մեր պետութեան հասարակական-քաղաքական կեանքի ամէնէն տարբեր մարզերուն մէջ:

Մեր ժողովուրդին, անոր ստեղծած արժէքներուն յարատեւման, ձեռքբերումներուն ու ազգապահպանման գործին մէջ անգնահատելի է կնոջ դերակատարութիւնը:

Հայ կնոջ եւ մօր ներկայութիւնը անգնահատելի է յատկապէս սփիւռքի նոր սերունդի հայեցի դաստիարակութեան եւ հայապահպանութեան գործին մէջ:

Սփիւռքի թանկագի՛ն քոյրեր, դուք ամէն ինչ կ՛ընէք, որպէսզի մեր մանուկները տունը խօսին մեր ոսկեղնիկ մայրենի լեզուով: Դուք, յաղթահարելով շատ բարդութիւններ, ձեր երեխաները հայկական դպրոց կ՛ուղարկէք, որ մայրենին միշտ հնչէ իրենց շրթներէն, որ անոնք դառնան հայ ազգի շարունակողները` իրենց նուիրումով, գործերով, էութեամբ եւ ապրելակերպով:

Համոզուած եմ, որ դուք պիտի շարունակէք հայապահպան ու ազգապահպան ձեր առաքելութիւնը:

Սիրելինե՛րս, կը մաղթեմ ձեզի երջանկութիւն, երկարակեցութիւն, կանացի անսպառ հմայք:

Եղէք առողջ, որովհետեւ, երբ առողջ է մայրը, առողջ է ամբողջ ընտանիքը, առողջ է հասարակութիւնը, առողջ է ժողովուրդը:

Ջերմութեամբ եւ առանձնակի սիրով մեր հայրենի բարձրաբերձ լեռներու գեղեցիկ ծաղիկներով փունջեր կը նուիրեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրիդ ըսելով`

Տօնդ շնորհաւոր, սիրելի՛, պայծա՛ռ, անգի՛ն հայ կին:

 

 

Նախորդը

Տոհայի Մէջ Նախագահ Սլէյման Հանդիպում Մը Ունեցաւ Քաթարի Իշխանին Հետ

Յաջորդը

«Ֆրանսայի Դէմ Կիրարկուած Պատժամիջոցները Պէտք Է Նոյնութեամբ Շարունակուին» Կ՛Ըսէ Տաւութօղլու

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։