Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չաւուշօղլու. «Թուրքիան Անկեղծօրէն Հետաքրքրուած Է Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Բարելաւումով»

October 18, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտնած է, որ Անգարան պատրաստ է Երեւանի հետ երկխօսութեան` որեւէ հարթակի վրայ, եւ անկեղծօրէն հետաքրքրուած է յարաբերութիւններու բարելաւումով:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Չաւուշօղլու այս մասին ըսած է Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքի աւարտին` «Թէ.Ռէ.Թէ.» թրքական պատկերասփիւռի կայանի լրագրողի հետ զրոյցի ընթացքին:

«Մենք պատրաստ ենք Հայաստանի հետ բանակցութիւններու, որեւէ խոչընդոտ չենք տեսներ», նշած է թրքական դիւանագիտութեան պետը:

Ան հաստատած է, որ երկու երկիրներուն յատուկ բանագնացները` Սերտար Քըլըչն ու Ռուբէն Ռուբինեանը այսուհետեւ պիտի հանդիպին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ, եւ ոչ թէ երրորդ երկրի տարածքի մէջ:

«Յատուկ բանագնացները իրենք պիտի որոշեն իրենց հանդիպումներու օրն ու վայրը, կարիք չկայ այլ պետութիւններ մեկնելու», ըսած է Չաւուշօղլու:

Ան Երեւանին կոչ ուղղած է զերծ մնալու սադրանքներէ եւ կատարելու իր պարտաւորութիւնները: «Ասիկա նախ եւ առաջ կը բխի ինքնին Երեւանի շահերէն: Ասիկա կարեւոր է բոլոր երկիրներուն համար», ընդգծած է Չաւուշօղլու:

Չաւուշօղլուի համաձայն, Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ երկխօսութեան որեւէ դրական զարգացում դրական կ՛ազդէ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ բանակցութիւններուն վրայ:

Ան նաեւ ըսած է, որ պատրաստ է հանդիպելու իր հայ գործընկեր Արարատ Միրզոյեանի հետ, սակայն տակաւին ճշգրիտ թուական չկայ:

 

Նախորդը

Նախագահական Ընտրութեան Ընդառաջ. Սերտ Շփումներ` Բազմակողմանի Ուղղութիւններով

Յաջորդը

«Ուաշինկթըն Կ՛ողջունէ Որեւէ Երկրի Ջանք` Ուղղուած Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման, Սակայն Ռուսական Կողմէն Ջանքեր Չենք Տեսած» Կ՛ըսէ Փաթել

RelatedPosts

Միրզոյեան Թեհրանի Մէջ Ներկայացուց ԹՐԻՓՓ-ի  Կարելիութիւնները, Իսկ Արաղչի Կրկնեց  «Երրորդ Կողմ»-ի Մասին Մտահոգութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Թեհրանի Մէջ Ներկայացուց ԹՐԻՓՓ-ի Կարելիութիւնները, Իսկ Արաղչի Կրկնեց «Երրորդ Կողմ»-ի Մասին Մտահոգութիւնը

October 6, 2026
Պաշտօնանկութիւն Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Մէջ` Սիւնիքի Մէջ Ազրպէյճանցի  Զինուորի Ներթափանցումէն Ետք
Հայկական

Պաշտօնանկութիւն Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Մէջ` Սիւնիքի Մէջ Ազրպէյճանցի Զինուորի Ներթափանցումէն Ետք

October 6, 2026
Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.