Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մեր Պատմութեան Ներկայ Ճակատագրական Փուլին` Համախմբումը Եւ Վճռական Որոշումներու Կայացումը Պէտք Է Կիզակէտը Դառնայ Մեր Աշխատանքին» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

October 18, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

28-31 հոկտեմբեր Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք «Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով»-ի գծով Cilicia TV-ն կաթողիկոսարանի դիւանատունէն իմացաւ, թէ շուրջ ամիս մը առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան հեռաձայնային կապով Արամ Ա. կաթողիկոսը հրաւիրած է յիշեալ «Գագաթնաժողով»-ին մասնակցելու: Մեր ազգի եւ յատկապէս Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած ներկայ տագնապալից ժամանակներուն եւ ներհայաստանեան ոչ նպաստաւոր պայմաններուն մէջ, նման նախաձեռնութեան նկատմամբ վեհափառ հայրապետը իր մտահոգութիւնը եւ վերապահութիւնը յայտնած է:

Cilicia TV-ն նոյն աղբիւրէն իմացաւ, թէ Ազգային Կեդրոնական վարչութիւնը, անցեալ շաբաթ իր գումարած նիստին, բաժնելով վեհափառ հայրապետին մտահոգութիւնը եւ նկատի ունենալով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը չէ ներառուած գագաթնաժողովի կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ, ինչպէս նաեւ սփիւռքի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններ չեն հրաւիրուած, այլ միայն անհատ ազգայիններ, ճիշդ չնկատեց մեր Սուրբ աթոռին եւ իր թեմերուն մասնակցութիւնը գագաթնաժողովին:

Ազգային կեդրոնական վարչութեան նիստին վեհափառ հայրապետը շեշտած է, թէ «ժամանակակից մեր պատմութեան ներկայ ճակատագրական փուլին, մեր ազգին ղեկավարութեան` Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք, միատեղ համախմբումը եւ վճռական որոշումներու կայացումը` ի խնդիր Հայաստանի ու Արցախի փրկութեան, աւելի քան հրամայական է ու անյետաձգելի: Այսօր ա՛յս պէտք է դառնայ մեր մտահոգութեան ու աշխատանքներուն կիզակէտը»:

 

Նախորդը

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Յաջորդը

Նախագահական Ընտրութեան Ընդառաջ. Սերտ Շփումներ` Բազմակողմանի Ուղղութիւններով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան  Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ

October 6, 2026
Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.