Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան, որ «Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Վիլնիուսի մէջ հիւրը եղաւ Զալկիրիսին (Լիթուանիա), անկէ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը: Վերջինս այսպիսով արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը:
Հիւրընկալ կազմը իր կոլերը նշանակեց մրցումին 23-րդ եւ 42-րդ վայրկեաններուն, մինչ Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմին ուշացած կոլը (78-րդ) փենալթիով նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Արազ Օզպիլիս:
Նշենք, որ երթի մրցումին Փիւնիկ 2-0 արդիւնքով յաղթած էր իր մրցակիցին:
Այս հանգրուանէն ետք, այժմ Ը. խմբակին պարագլուխի դիրքը 7 կէտով կը գրաւէ զուիցերիական Պալը, մինչ Փիւնիկ անկէ ետ կը մնայ կէտով մը: Սլովան ունի 5 կէտ, իսկ Զալկիրիսը` 4 կէտ:
Հայրենի կազմը իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ 27 հոկտեմբերին, Սլովաքիոյ մէջ հիւրը ըլլալով Սլովանի:


