Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղըշ Հիւսիսային Կիպրոսը Թուրքիոյ Բռնակցելու Տարբերակը Չի Բացառեր. Յունաստան Պաղըշի Յայտարարութիւնը «Սպառնալիք» Կ՛Որակէ

March 7, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էկեմեն Պաղըշ

Յունաստանի կառավարութեան բանբեր Սթեֆանոս Սթեֆանու Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշի` Հիւսիսային Կիպրոսը Թուրքիոյ կցելու մասին յայտարարութիւնը «սպառնալիք» որակած է:

Սթեֆանու ըսած է, որ «այդ յայտարարութիւնը Կիպրոսի հարցի լուծման ուղղութեամբ Թուրքիոյ ապակառուցողական մօտեցումը կ՛ապացուցէ: Կիպրոսի բաժանումը ո՛չ կիպրացի յոյներուն, ո՛չ ալ թուրքերուն համար լուծում է, իսկ Թուրքիոյ միանալու մասին յայտարարութիւնները կը հակասեն Եւրոպական Միութեան որոշումներուն», ըսած է Սթեֆանու:

Ան միջազգային հանրութեան կոչ ուղղած է ճնշելու եւ ստիպելու Թուրքիոյ` յարգելու Եւրոպական Միութեան որոշումները: «Յունաստանի համար հարցի լուծման միայն մէկ տարբերակ կայ, ունենալ երկու համայնք եւ երկու գօտի` համադաշնակցութեան ձեւաչափով», յիշեցուցած է յոյն պաշտօնեան:

Թրքական «Զաման» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Էկեմեն Պաղըշ Հիւսիսային Կիպրոսի մէջ լոյս տեսնող «Քըպրըս» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին չէ բացառած, որ կիպրական հարցին շուրջ բանակցութիւններու ձախողութեան պարագային Թուրքիան կրնայ իր տարածքին բռնակցել թուրք-կիպրական համայնքի վերահսկողութեան տակ գտնուող Կիպրոսի հիւսիսային հատուածը:

1974-ին կիպրացի յոյներու եւ թուրքերու միջեւ բախումներէն ետք Թուրքիան գրաւեց կղզիին մէկ երրորդը եւ թուրք-կիպրական կառավարութիւն ստեղծեց կղզիի հիւսիսային բաժինին մէջ ու զայն ճանչցաւ իբրեւ անկախ հանրապետութիւն` յայտարարելով, որ հարաւային Կիպրոսը իբրեւ Կիպրոսի Հանրապետութիւն չի ճանչնար:

Թուրք նախարարը ըսած է, որ Անգարա պիտի պաշտպանէ կիպրական հիմնախնդիրի լուծման վերաբերեալ ՄԱԿ-ի հովանիին տակ կատարուող միջհամայնքային բանակցութիւններու իբրեւ արդիւնք ձեռք բերուած որեւէ համաձայնագիր:

Պաղըշ աւելցուցած է, որ Անգարա պատրաստ է քննարկելու որեւէ տարբերակ. «Տարբերակներէն մէկը Կիպրոսներու միաւորումն է, եթէ կողմերը յաջողին նման համաձայնագիր կնքել, իսկ եթէ ատիկա տեղի չունենայ, ապա տարբերակ է երկու անկախ պետութիւններու ստեղծումը: Անգարան կրնայ նաեւ Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւնը կցել Թուրքիոյ: Բոլոր տարբերակները բանակցութիւններու վրայ դրուած են»:

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ բռնակցման տարբերակը թուրք-կիպրական համայնքին մէջ շատերու կողմէ չ՛ողջունուիր: Իսկ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավարը յայտարարած է, որ այդ տարբերակը անընդունելի է:

 

Նախորդը

«Սպառնալիքի Պարագային Միացեալ Նահանգներ Իրանի Դէմ Ուժ Պիտի Կիրարկեն» Կ՛Ըսէ Օպամա

Յաջորդը

Իսրայէլ, Կիպրոս Եւ Յունաստան Բնական Կազի Եւ Ուժանիւթի Համաձայնագիր Մը Պիտի Ստորագրեն

RelatedPosts

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի  Միջանցք»-ին Մասին
Միջազգային

Էրտողան Կը Խօսի «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

November 25, 2026
Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։