Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 15, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 40.000 լ. ոսկի է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը երեքշաբթի, 18 հոկտեմբեր 2022-ին հրաւիրեց ընտրելու իր երկու ընդհանուր քարտուղարներն ու երեք խորհրդականները, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական յանձնախումբերուն անդամները: Կը նախատեսուի, որ ընտրութիւններուն յաջորդէ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի սակը սղած է 13.000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 13.000 լ. ոսկիով, մազութը` 25.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 3000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 730.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 747.000 լ. ոսկի, իսկ մազութը` 875.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 437.000 լ. ոսկի:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ կանխարգիլելու համար քոլերայի համաճարակը: Ան հաստատեց, որ ըմպելի ջուրի յատուկ մեծ թիւով հականեխիչներ կը բաշխուին` աւելցնելով, որ կը ջանան նաեւ ապահովել քոլերայի պատուաստը եւ առողջական դրութիւն հաստատել` անոր դէմ պայքարելու նպատակով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, որ քոլերայով վարակուածներուն 80 առ հարիւրը ախտանշաններ ցոյց չեն տար` աւելցնելով, որ հիմնական հարցը այս իրականութեան մէջ կը կայանայ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ ինչքան ալ փորձեն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը պատասխանատու նկատել ամէն տեսակի տագնապներու եւ ժխտական երեւոյթներու, ան կը մնայ Լիբանանը իր սրտին ու միտքին մէջ պահող պայծառատեսութեան եւ ռազմավարական յամառութեան խորհրդանիշը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աշրաֆ Ռիֆի, անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան, յայտնեց, որ Հըզպալլա ներքին իր տագնապներէն փախուստ տուած է` վստահելով ճերմակ քուէին: Ան հաստատեց, որ իրենց համար անընդունելի է, որ Հըզպալլա նախագահական ընտրութեան իր թեկնածուն պարտադրէ խորհրդարանին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ահմետ Խէյր յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ հանրապետութեան նախագահ մը, որ սահմանադրութեան հովանիին ներքեւ կը գործէ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդարձակ եւ ամբողջական զեկուցում մը ներկայացուցած է Լիբանանի ապահոված իրաւունքներուն մասին: Ան նշեց, որ նախագահ Աունի խօսքը փաստեց լիբանանեան պաշտօնական կեցուածքին աներեր ըլլալու իրականութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ տնտեսական եւ ելեւմտական տագնապներէն ապաքինելու, կայունութիւնը վայելելու եւ Իսրայէլի յարձակումները հակակշիռի տակ պահելու փուլը արդէն իսկ սկսած է` աւելցնելով, որ ծովային սահմանագծումէն ետք կացութիւնը նոյնը չէ, ինչ որ էր պարագան սահմանագծումէն առաջ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պելճիքայի դեսպան Քոուեն Վերվաքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները: Ժահժահ յայտնեց, որ Հզօր հանրապետութիւն համախմբումը կը փափաքի ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը, որ փտածութեան դէմ պայքարելու եւ բարեկարգումներու գործադրութեան նախաձեռնելու հզօր կամք ունի:

Նախորդը

Փաշինեանի` Փրակայի Աշունը, Կամ Ինչո՞ւ Ենք Պարտւում Քարոզչական Պատերազմում

Յաջորդը

Ուաշինկթընի Մէջ. Սալամ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Միջազգային Դրամատան Պատասխանատուներուն Հետ

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.